ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բախտին ետեւէն մի՛ վազէք. ան ձեր դիմաց կրնայ ելլել որեւէ մէկ ժամու եւ կամ որեւէ տեղ, ինչ որ շատ աւելի հաճոյք կը պատճառէ ձեզի:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ դժուարութիւններ պիտի ունենաք եւ ձեր գործակիցները ձեզ պիտի չհասկնան: Համբերութեամբ ամէն խոչընդոտ պիտի կարենաք յաղթահարել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Արտասահմանէն եկած լուր մը ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխէ. նոյնիսկ տեղափոխուելու հարց մըն ալ պիտի ըլլայ, ինչ որ հաճելի պիտի թուի ձեզի:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Գործի մէջ հետապնդումը յաջողութեան կ՛առաջնորդէ. նոյնիսկ աննշան կէտերը մի՛ անտեսէք: Ժամանակի ընթացքին ձեր աշխատանքին պտուղը պիտի վայելէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր աշխատավայրին մէջ կատարեալ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի. յաջողութիւնը մեծ պիտի ըլլայ: Ձեր աշխատանքը պիտի քաջալերուի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ծրագիրներ ունիք կատարելիք, հիմա ժամանակն է. ձեր աստղերը ներկայ են` ձեզի օգնելու: Վստահութիւն ունեցէք անոնց եւ ձեր վրայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք կարողութիւնը ունիք միաւորելու աշխատանք եւ ժամանց. ձեր կատակները անպակաս են, սակայն անոնք ձեր աշխատանքին վնաս չեն հասցներ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անցեալին եղած սխալներուն հետ պէտք է հաշտուիք, կարելի չէ զանոնք ջնջել: Ձեզի կը մնայ ձեր ներկան եւ ապագան, անցեալը մոռցէք եւ նոր թափով աշխատանքի սկսեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք կարողութիւնը ունիք նեղ կացութեան մատնուած բարեկամ մը իր դժուարութիւններէն դուրս բերելու եւ յաջողութեան ճամբու մէջ դնելու: Ան շատ շնորհակալ պիտի ըլլայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գործերը լաւ ընթացքի մէջ են. թէեւ յոգնեցուցիչ է, սակայն նիւթական յաջողութիւնը կարեւոր է: Մօտ ապագային անուանի անձ մը կրնաք ըլլալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շաբաթը շատ լաւ պիտի սկսիք եւ առաջին կարգի վրայ պիտի գտնուիք: Ինչ բանի որ ձեռնարկէք, յաջողութեամբ պիտի պսակուի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Համարձակ եղէք եւ հետաքրքիր, որպէսզի կարենաք յաջողութիւն գտնել: Համեստութիւնը ո՛չ մէկ բանի կը ծառայէ: Դուք ձեզ պարտադրել գիտցէք: