Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Քոլորատօ նահանգի Տենվըր քաղաքի քաղաքապետ Մայքըլ Հենքոք 21 սեպտեմբեր 2016-ը պաշտօնապէս ճանչցած է իբրեւ «Հայկական անկախութեան օր»` հայկական երկու պետութիւններու` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան համար:
Ամերիկայի արեւմտեան ափի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Էլեն Ասատրեան ողջունած է Տենվըրի քաղաքապետին որոշումը` ընդգծելով, որ Արցախի ճանաչումով` ան բարձրացուցած է իրազեկութիւնը մարդու իրաւունքներու խնդիրներուն, մասնաւորաբար Ազրպէյճանի կողմէ ապրիլ 2016-ին հակահայկական յանցագործութիւններու գործադրման հետ կապուած:
«Մենք շնորհակալութիւն կը յայտնենք Հենքոքի վարչակազմին մարդու համընդհանուր իրաւունքներուն աջակցելու, ներառեալ Արցախի անկախութիւնը ճանչնալու, ինչպէս նաեւ շարունակական պայքարին համար, որ ուղղուած է պահպանելու քրիստոնէական ժառանգութիւնը եւ պաշտպանելու ազատատենչ հայ բնակչութիւնը այն բանակէն, որ կ՛ոչնչացնէ միջնադարեան յուշարձանները եւ կը տանջէ քաղաքացիներն ու զինուորները», նշած է Ասատրեան:
Տենվըրի քաղաքապետին ստորագրած հռչակագիրին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսուի. «Հազարաւոր աշխատասէր եւ հայրենանուէր հայերու օրրանն է Տենվըրը, ուր անոնք հաստատուած են տասնամեակներ առաջ: 2016-ի հայկական երկու պետութիւնները` Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Արցախը (Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը) կը նշեն անկախութեան հռչակման 25-ամեակը: Արցախի ժողովուրդը կը շարունակէ պայքարը` յանուն հայկական ինքնութեան պահպանման, սեփական սահմանները պատերազմական յանցագործութիւններէ զերծ պահելու: Տենվըր կը շնորհաւորէ հայ համայնքը` սեփական ժառանգութեան հաւատարիմ մնալու յանձնառութեան, հայրենիքին նուիրուածութեան, հակառակ մարտահրաւէրներուն` ժողովուրդին ծառայելու մղումներու համար»:


