
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարութեամբ մը անդրադարձած է վերջին շրջանին շփման գիծին մէջ արձանագրուած բազմաթիւ խախտումներուն:
Նախարարութիւնը նշած է, որ դատելով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցող զարգացումներէն, կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ հակառակորդը ընտրած է սահմանագիծին վրայ իրավիճակը աստիճանաբար եւ նպատակային կերպով սրելու մարտավարութիւն: Ատոր փաստերն են զինադադարի պահպանման դրութեան խախտումներու թիւի յաւելումն ու օգտագործուող զինատեսակներու որակական յատկանիշները:
Յատկանշական է, որ ապրիլեան քառօրեայ առճակատումը սանձազերծած ազրպէյճանական կողմը, որ վերահաս պարտութենէ խուսափելու նպատակով ստիպուած էր իր իսկ խնդրանքով եւ երրորդ կողմի միջնորդութեամբ մարտագիծին վրայ վերահաստատել 1994-ի մայիսին եռակողմանի համաձայնութեամբ ձեռք բերուած զինադադարը, կրկին անցած է սադրիչ գործողութիւններու` ո՛չ միայն տագնապի զօրքերու շփման գիծին վրայ, այլ նաեւ քարոզչական դաշտին մէջ:
«Անցած օրերուն ընթացքին հակառակորդը կիրարկելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զէնքեր, այդ կարգին` «ՏՇՔ» տիպի գնդացիր, «Սեւ նետ» եւ «Իստիգլալ» արձակազէն զինատեսակներ ու ՀԱՆ-17 տիպի նռնականետ, այսօր տարածած է տեղեկութիւն, թէ հայկական կողմը առաջնագիծին վրայ կիրարկած է 60 միլլիմեթրնոց ականանետեր:
«Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ամենայն պատասխանատուութեամբ կը յայտարարէ, որ ազրպէյճանական կողմին տարածած ապատեղեկատուութիւնը ոչ այլ ինչ է, քան իրավիճակի ապակայունացման ուղղուած պարզամիտ քարոզչական հնարք», նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նաեւ տեղեկացուցած է, որ 7 հոկտեմբերին` ժամը շուրջ 8:30-ին, պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն հրազէնային վէրքեր ստացած է զինուորական ծառայող, 1996-ի ծնունդ Հայկ Համբարձումեանը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:


