
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները հոկտեմբերի վերջաւորութեան պիտի այցելեն շրջան:
Ան յայտնած է, որ այցելութեան յստակ թուականներ տակաւին չկան, սակայն յոյս յայտնած է, որ այցելութեան ընթացքին պիտի հանդիպին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ:
Ամերիկացի համանախագահը ողջունած է յաջորդ վեհաժողովը իր մօտ կատարելու Ֆրանսայի առաջարկը: «Ֆրանսա, Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ` իբրեւ Մինսքի խմբակի համանախագահներ, սերտօրէն կը համագործակցին իրարու հետ միջնորդական ջանքերը շարունակելու նպատակով` ուղղուած շարունակական խաղաղութեան հաստատման», ըսած է Ուորլիք:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք կարելի՞ է բանակցութիւններու դադրեցումը Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ` Ուորլիք ըսած է. «Ես չունիմ լիազօրութիւններ մեկնաբանելու Հայաստանի ընտրութիւնները: Սակայն կողմերը հաւատարիմ են խաղաղ լուծման եւ մենք չենք կարծեր, որ որեւէ բան պիտի փոխուի»:


