Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Յոյս Յայտնելով` «Թող Աստուած Օրհնէ Հայաստանը, Վրաստանը Եւ Ազրպէյճանը» Ըսած Է Ֆրանչիսկոս Պապը

Հոկտեմբեր 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

francis_10616

Վատիկանի ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Ֆրանչիսկոս պապը չորեքշաբթի օր անդրադարձած է վերջերս իր Վրաստան եւ Ազրպէյճան կատարած այցելութեան եւ խօսած քրիստոնէական միասնութեան կարեւորութեան մասին:

Ան Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած ուխտաւորներու առջեւ խօսք արտասանելով երախտագիտութիւն յայտնած է կովկասեան երկիրներ այցելել կարենալուն համար:

Ֆրանչիսկոս պապը իր այցելութիւնը նկարագրած է իբրեւ յունիսին Հայաստան կատարած այցելութեան ամբողջացում եւ ըսած, որ մարտահրաւէրներու առջեւ կանգնած Կովկասի երեք ժողովուրդներուն այցելելով` ան կրցած է բոլոր մարդիկը ուղղորդել խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ճամբով:

Հռոմի պապը նշած է, որ Կովկասի երեք երկիրներ այցելած է` «հաստատելու համար, որ կաթողիկէ եկեղեցին կ՛ապրի անոնց մէջ եւ այս ժողովուրդները պիտի ուղղորդէ դէպի խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն»:

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետը իր խօսքին մէջ նշած է, որ դիմելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` ան յոյս յայտնած է, որ «կրնան գտնուիլ լաւ լուծումներ տակաւին գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն համար եւ Կովկասի բոլոր ժողովուրդները կրնան ապրիլ խաղաղութեան եւ փոխադարձ յարգանքի պայմաններու մէջ»:

«Աստուած օրհնէ Հայաստանը, Վրաստանը եւ Ազրպէյճանը», ըսած է Ֆրանչիսկոս պապը:

Յիշեցնենք, որ ան Հայաստան այցելած էր 24-26 յունիս 2016-ին` «Այցելութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» կարգախօսով, իսկ սեպտեմբերի վերջաւորութեան-հոկտեմբերի սկիզբը այցելած էր Վրաստան եւ Ազրպէյճան:

 

Նախորդը

Ռուսիա Կ՛արձագանգէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մասին Քերրիի Յայտարարութեան

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հոկտեմբերի Վերջաւորութեան Պիտի Այցելեն Շրջան

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?