«Արմէնփրես»` վկայակոչելով ռուսական «Ռաշա Թուտէյ»-ը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրիի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման մասին յայտարարութեան:
«Կը կարծեմ, որ տագնապին լուծումը կը շահի ոչ թէ յայտարարութիւններէն, այլ գործնական աշխատանքէն, որով եւ մենք կը զբաղինք», յայտարարած է Զախարովա:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի 29 սեպտեմբերին յայտնած էր այն կարծիքը, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման համար տակաւին պայմաններ չեն ձեւաւորուած: Ըստ անոր, ժամանակակից աշխարհի մէջ կան որոշ սառեցուած տագնապներ, (որոնց շարքին է նաեւ ղարաբաղեան տագնապը), որոնց մէջ ներկայիս չի դիտարկուիր լուծումի կարելիութիւն, որովհետեւ նախ եւ առաջ «ղեկավարները ատոր պատրաստ չեն»: