Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Բանակաշինութենէն Կ՛անցնինք Ազգ-Բանակ Տեսլականին» Ըսաւ Նախարար Վիգէն Սարգսեան

October 6, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

vicken-sargsian_10516

5 հոկտեմբերին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան յատկացուած ժամուն «Հանրապետական» խմբակցութեան պատգամաւոր Լեւոն Մարտիրոսեան պաշտպանութեան նոր նշանակուած նախարար Վիգէն Սարգսեանէն խնդրած է ներկայացնել իր տեսլականը` պաշտպանութեան մարզի հետագայ զարգացման վերաբերեալ: «Ի հարկէ այն քայլերուն մասին, որոնց մասին կարելի է խօսիլ հրապարակայնօրէն», աւելցուցած է ան:

Նախարար Սարգսեան պատասխանած է, որ կառավարութեան ծրագիրին մէջ պիտի ներկայացուին պաշտպանութեան մարզի տեսլականն ու ծրագիրները` տեղեկացնելով, որ նոյն օրը առիթ ունեցած են կառավարութեան կազմով ներկայացնելու 25 տարեկան ազգային բանակի գոյութեան առաջնահերթութիւնները, որոնք հիմնուած են զինուած ուժերուն եւ բանակին վերաբերեալ բանակի ընդհանուր հրամանատարին ու վարչապետին տեսլականին վրայ:

«Գիտէք, որ 28 յունուարին բանակի 25-րդ տարին է, եւ մեր խնդիրն է` անցում կատարել բանակաշինութենէն դէպի ազգ-բանակի կառուցում, որովհետեւ հաշուի առնելով այն իրավիճակը, ուր կը գտնուին մեր պետութիւնը, շրջանը, քաղաքական մարտահրաւէրները` ակնյայտ է, որ չափով մեծ բանակը կը շարունակէ մնալ իրականութեան մասնիկ», ըսած է ան:

Պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ ամէն ինչ պէտք է ընել, որ բանակը ծանր բեռ դառնալու փոխարէն դառնայ պետութեան ու «տնտեսութեան շոգեքարշ»:

«Ատիկա կը նշանակէ, որ պէտք է ընդգրկել ոչ միայն անոնց, որոնք զինուած ուժերուն մէջ կը ծառայեն, այլ ամբողջ ազգաբնակչութիւնը, որոնք բանակին հետ կապուած ծրագիրներ ունին` գիտահետազօտական, գիտական, տնտեսական, արդիւնաբերական եւ այլն, եւ այդ ժամանակ բանակը կրնայ դառնալ ոչ թէ խնդիր, այլ լուծում», ըսած է ան:

Երկրորդ կարեւոր բաղադրիչը, ըստ անոր, պիտի ըլլայ այն, որ բանակը պարզապէս հասարակութեան հայելին դառնալէ բացի, ըլլայ հասարակութեան դպրոցն ու դարբնոցը:

«Այսինքն` բանակէն զօրացրուող զինուորը պէտք է ըլլայ շատ աւելի հայրենասէր, կրթուած, ուժեղ ու մարտունակ, քան այն երիտասարդը, որ կը զօրակոչուի բանակ: Ասիկա պիտի ըլլայ առաքելութիւնը, եւ Ազգային ժողովին հետ անոր համար պէտք է իրաւական հիմք ու գործնական քայլերու ձեռնարկենք, որ օրէնսդրութիւնը դառնայ իրականութիւն», հաստատած է նախարար Սարգսեան:

Նախորդը

Հայաստանէն Օժանդակութեան Երկրորդ Օդանաւ Հասած Է Սուրիա

Յաջորդը

Պունտըսթակի Փոխնախագահ Զինկհամմեր. «Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Վերաբերեալ Պունտըսթակի Որոշումը Վերջնական Է Եւ Անփոփոխ»

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.