ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Վերամուտի այս դժուար օրերուն դրամական կարեւոր եկամուտ մը պիտի ունենաք: Վիճակահանութեան տոմս մը կրնայ ձեր կեանքը հիմնովին փոխել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ կալուածներ գնելու ծրագիր ունիք, ժամանակը շատ յարմար է աւելի ուշանալով եւ մտածելով` կրնաք զղջալ, ինչ որ անիմաստ է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր գործերը դասաւորելով շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛ունենաք: Վերամուտը խճողուած է ձեզի համար, բայց մեծ հարց մը չէ: Դուք կրնաք դժուարութիւնները դիմագրաւել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշնանամուտը անակնկալներով լեցուն պիտի ըլլայ ձեզի համար: Ամուրիներուն համար նոյնիսկ սիրահարական արկածախնդրութիւն կը սպասէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընտանեկան անհասկացողութիւններ պիտի ունենաք, թէեւ` ոչ շատ ծանր: Ընդհանուրին զիջումներով կարելի պիտի ըլլայ լուծումներ գտնել եւ համաձայնիլ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անսպասելի հանդիպում մը պիտի ունենաք անձի մը հետ, որ նոր հորիզոններ պիտի բանայ ձեր դիմաց: Հաւանաբար նոր գործի մը հիմերը դրուին, որ յաջողութիւն պիտի արձանագրէ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր նիւթական խնայողութիւնները իրենց պտուղը պիտի տան: Երկար ժամանակէ ի վեր երազած ձեր կալուածին տէր պիտի ըլլաք, ինչ որ ձեզի գոհունակութիւն պիտի տայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս շրջանին ձեր աստղը փայլուն է եւ կը ներշնչէ ձեզի: Ժամանակն է ձեր ծրագիրները լոյսի բերել եւ գործի անցնիլ: Յաջողութիւնը ձեզի հետ է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եղանակի փոփոխութեամբ թեթեւ անհանգստութիւն կրնաք ունենալ. քիչ մը զգուշութեամբ կը յաղթահարէք, եւ ամէն ինչ իր տեղը կը գտնէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այսօր հաւանաբար խրախճանքի երեկոյի մը հրաւէրը ստանաք. մի՛ մերժէք, քանի որ չսպասուած անակնկալներուն պիտի հանդիպիք, ինչ որ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնաւ ուշ չէ նոր գործի մը սկսիլը. երբեմն արկածախնդրութիւնը կրնայ իր արդիւնքները տալ: Ուրեմն գործի անցէք եւ ձեր ծրագիրը իրագործեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Օտար մշակոյթներով շատ կը հետաքրքրուիք, ինչ որ ձեր գիտութիւնը կը զարգացնէ: Ճամբորդութիւն մը լայն դռներ պիտի բանայ ձեր դիմաց: