ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատ բծախնդիր էք եւ շատ խիստ` ձեր անձին հանդէպ. ամէն ինչին կատարեալը կ՛ուզէք եւ կը հետապնդէք: Միշտ ալ բարձրագոյն արդիւնքներ կ՛ունենաք եւ կը յաջողիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մարդոց վրայ մեծ վստահութիւն ունիք. երբեմն նոյնիսկ միամտաբար ամէն բանի կը հաւատաք: Անձերը լաւ ճանչցէք եւ այդպէս դատեցէք, որպէսզի անախորժ անակնկալներ չունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մանկութեան ընկերոջ մը պիտի հանդիպիք, որուն հետ անցեալի յիշատակներ պիտի արծարծէք. անցեալի ձեր կեանքը պիտի թարմացնէ ձեզ եւ կարծէք թէ դուք ձեզ մանկացած պիտի զգաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընկերութեան մէջ պզտիկ անհասկացողութիւններէ ետք համաձայնութիւն պիտի կայանայ եւ ընդհանուրին շահը պիտի ապահովէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Այս երեկոյ ընթրիքի հրաւէր մը պիտի ստանաք եւ շատ հաճելի ժամանակ պիտի վայելէք: Այս հրաւէրը ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրացնէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շրջապատը ձեզ լաւ չի ճանչնար. ձեր կարգ մը ընկերային աշխատանքները պիտի զարմացնէ բոլորը: Անոնց կարծիքը պիտի փոխուի ձեր հանդէպ եւ պիտի շնորհաւորեն ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Կարծէք աշխատելու ձեւը լաւ որդեգրած էք եւ ինչ բան որ կը ցանկաք, անպայման կ՛ունենաք: Ասիկա միայն բախտի հարց չէ, այս ձեր ընթացքը մեծ յաջողութիւններու պիտի առաջնորդէ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գործի նոր առաջարկ մը պիտի ներկայանայ ձեզի. առիթը օգտագործեցէք, քանի որ այս գործը շատ բան պիտի փոխէ եւ նոյնիսկ ձեր ապագայ կեանքը կրնայ բարձրացնել:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր գործակիցներուն հետ անհասկացողութիւններ պիտի ունենաք. սակայն դուք ձեր դիւանագիտութեամբ հարցերը պիտի մեղմացնէք, եւ գործը աւելի հեզասահ պիտի ընթանայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Երբեմն ձեր ներքին զգացումներուն մտիկ ըրէք, որոնք միշտ ալ սխալ չեն ըլլար. եթէ կ՛ուզէք նոր գործի մը սկսիլ, ժամանակն է. անպայման յաջողութիւն պիտի արձանագրէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Զարմացնող ինքնավստահութիւն մը ունիք. ոչինչով գործ մը պիտի սկսիք, որ յաջողութիւն կը ներշնչէ ձեզի: Կարճ ժամանակի մը ընթացքին բոլորին զարմանք պիտի պատճառէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարծէք` ձեր անձէն գոհ չէք եւ ձեր ընթացքը փոխել կ՛ուզէք: Ձեր շրջանակը փոխեցէք, նոր բարեկամութիւնները կրնան ձեզի օգտակար ըլլալ, եւ դուք աւելի լաւատես պիտի ըլլաք: