Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Սեպտեմբեր 28, 2016
| Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ինչո՞ւ արտակարգ աշխատանք կը կատարէք եւ ձեր ուժը կը սպառէք: Անտեղի գործերէ հեռու մնացէք, որպէսզի չտկարանաք. ձեր առօրեայ աշխատանքը բաւարար է:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մարմնամարզը կ՛անտեսէք, ինչ որ սխալ է. ձեր մարմինը բարեձեւելու համար պէտք է թեթեւ մարզանքներ ընէք եւ կանոնաւորապէս ամէն օր քալէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անտեղի ծախսեր ընելով, պիտի ստիպուիք ձեր ընտանիքէն դրամ պահանջել: Զգուշացէ՛ք, որովհետեւ կրնաք սնանկանալ: Ձեր եկամուտը ձեզի բաւարար է, ձեր ծախսերը կրճատեցէք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ վերապահ եւ համեստ էք: Այսպէս շարունակելով ընկերութեան մէջ տեղ չէք ունենար, ուրեմն ջանացէք ձեր պատեանէն դուրս ելլել  եւ շփման մէջ մտնել:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Թէեւ ձեր ասպարէզին մէջ կարողութիւններ ունիք, սակայն գիտցէք ձեզմէ մեծերը մտիկ ընել. անոնք իրենց փորձառութեամբ կրնան ձեզի օգտակար դառնալ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ գործի մը պիտի ձեռնարկէք, ձեր ամբողջ դրամը մի ներդրէք. աստիճանաբար յառաջացէք, որպէսզի գէշ անակնկալներ չունենաք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Միշտ ուրիշներուն սխալները մատնանշել լաւ չէ: Ոմանք իրենց սխալը չեն ընդունիր, ամէն անձ  փորձառութեամբ եւ իր սխալներէն մեկնած կը սրբագրէ ինքզինքը:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Շատ շուտ կը բորբոքիք աննշան խօսքերէ: Մտիկ ըրէք ձեր խօսակիցը եւ լաւ հասկնալէ ետք պատասխանեցէք, որպէսզի անախորժ անակնկալներու չհանդիպիք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք ձեզ անպէտք անձ մը կը զգաք, ինչ որ սխալ է: Ճանչցէք ձեր կարողութիւնները եւ սխալ գաղափարներ մի սնուցանէք, ձեր շրջապատը ձեզ լաւ կը ճանչնայ եւ կը գնահատէ:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գիտութիւնը զարգացնել կ՛ուզէք: Կան գիրքեր, որոնք կրնան ձեզ լուսաբանել եւ ձեզ մղել յառաջանալու: Միշտ սորվելիք նիւթեր կան, յաջողութիւն ձեզի:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ամսավերջին կը նկատէք, թէ ձեր խնայողութիւնը սպառած է: Ասիկա պատճառ պիտի ըլլայ, որ յաջորդ ամիս զգուշութեամբ ծախսէք եւ չվատնէք ձեր դրամը:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ինչ որ կը ծրագրէք անպայման պիտի կատարէք, հակառակ պարագային դուք ձեզմէ գոհ չէք մնար, պայման չէ ամէն բանի մէջ շուտով յաջողիլը: Ժամանակի ընթացքին ամէն բան կարելի է յաջողեցնել:

Նախորդը

Նասսար. «Քաղաքականութիւնը Պէտք Է Հեռացնել Մարզաշխարհէն. Ախոյեանութեան Ազդանշանը Պիտի Տրուի 8 Նոյեմբերին»

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (28 Սեպտեմբեր 1966)

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 18, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 17, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?