ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ նոր գործի մը սկսած էք, աստիճանաբար յառաջացէք, որպէսզի չյոգնիք: Արագութեամբ աշխատելով կը տկարանաք եւ ձեր նպատակին չէք հասնիր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր անցեալի կեանքը մի՛ մոռնաք, ներկայ օրերուն ձեր անցեալը կրնայ ձեզի օրինակ ըլլալ եւ ձեր սխալ գործերը չէք կրկներ: Անցեալի կեանքը դպրոց մըն է ձեզի համար:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ընկերութիւնը յաճախ ձեզ չի ճանչնար, սակայն ձեզ լաւ ճանչցողները ձեր արժէքը կը գնահատեն եւ շատ բաներ կ՛ակնկալեն ձեզմէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր աշխատանքէն շատ գոհ պիտի մնան: Ձեզ պիտի շնորհաւորեն. ժամանակը եկած է յաւելում մը պահանջելու, պիտի չմերժուի ձեր դիմումը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզի քանի մը պատասխանատուութիւններ պիտի տրուի, պիտի կարենաք լաւագոյնս կատարել զանոնք: Այս ընթացքով պիտի կարենաք ձեր ապագան ապահովել:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի տեսնէք մանկութեան ընկեր մը կամ ընկերուհի մը, զոր երկար տարիներէ ի վեր չէք տեսած եւ նոյնիսկ մոռցած էք: Այս անակնկալ հանդիպումը սիրային արկածի մը պիտի առաջնորդէ ձեզ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մոռցուած սիրային կապ մը պիտի նորոգուի, այս անգամ զայն լաւապէս պիտի հաստատէք, եւ այդ ամուր հիմերուն վրայ ամուսնութիւն մը պիտի ընէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանեկան ժողովի մը ընթացքին կարեւոր որոշումներ պիտի տրուին. ձեր խօսքը իսկապէս պիտի իշխէ, եւ ձեր հեղինակութիւնը պիտի բարձրանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տարիներէ ի վեր երազած եւ հետապնդած ծրագիր մը վերջապէս պիտի կարենաք իրագործել: Ձեզի մօտիկ բարեկամ մը շատ օգտակար պիտի ըլլայ այս գործին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եկամուտի աղբիւր մը պիտի ներկայանայ ձեզի: Առիթը օգտագործեցէք եւ քիչ մը խնայողութիւն ըրէք, որպէսզի կարենաք ձեր ապագան ապահովել:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ ամուսնացած էք, մեծ համաձայնութիւն կայ զոյգին կեանքին մէջ: Ամէն ինչ ներդաշնակ կ՛ընթանայ, եւ ձեր ապագան լաւ ու զօրաւոր հիմերու վրայ պիտի դրուի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նորաձեւութիւնը մի անտեսէք ընկերութեան մէջ շատ կարեւոր է արտաքին տեսքը, ուրեմն քիչ մը աւելի կարեւորութիւն տուէք: