ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր սիրած անձին այնքան զօրաւոր կապուած էք, որ մէկ վայրկեան իսկ չէք ուզեր հեռանալ անկէ: Սէրը շատ զօրացուցած է ձեզ, եւ ուրիշ ոչինչ կ՛ուզէք տեսնել:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
,Վերջին խօսքը իմս էե մի՛ ըսէք, քանի որ ո՛չ մէկ տեղ կը հասցնէ ձեզ: Ամէն մարդ սխալ գործեր կ՛ընէ: Եթէ նոյնիսկ ձեր ըսածը ճիշդ է, մի՛ պնդէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Իւրաքանչիւր անձի կարծիքը յարգեցէք եւ մի՛ վիճաբանիք. հակասելով` ոչինչ կը շահիք: Ամէն անձ կը կարծէ, որ իր կարծիքը ճիշդ է: Ուրեմն հանդարտ եղէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրամատան ձեր հաշիւները յստակ են եւ ոչ մէկ բաց ունիք. ձեր եկամուտը հաւասարակշռել գիտէք եւ գէշ անակնկալներու չէք հանդիպիր:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Դուք ձեր գործերը լաւ դասաւորուած կը կատարէք, ինչ որ ձեզ յաճախ յաջողութեան կ՛առաջնորդէ: Այս ընթացքով նոյնիսկ ձեր բարեկամները պիտի զարմացնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շուրջինները ձեզ շատ լաւ կը հասկնան եւ ձեզ կը քաջալերեն, ինչ որ ձեզի վստահութիւն եւ ուժ կու տայ` ձեր ծրագիրները կատարելու:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ կարեւոր է ծրագիրներ մշակելը, բայց եթէ այդ ծրագիրները բարեկամներով ի գործ դնէք, աւելի յաջող կ՛ընթանայ ձեր գործը: ,Միութիւնը զօրութիւն էե կ՛ըսեն:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ լաւատեսութիւն եւ աշխուժութիւն ունիք. ամենաբարձր արագութեամբ կը կատարէք: Մի՛ թուլանաք եւ այս թափով շարունակեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օտար երկիր գտնուող անձ մը ձեզի անակնկալօրէն գործի առաջարկ պիտի ընէ, ինչ որ ձեզի հաճելի պիտի թուի: Ընդունեցէք եւ ձեր բախտը փորձեցէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր փայլուն աստղը մեծ խոստումներ կ՛ընէ ձեզի, ձեզի կը մնայ լաւ դիտել եւ այդ բախտերը տեսնել: Ուշադրութիւն ըրէք եւ առիթէն օգտուեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատա՞նք կը փնտռէք. այս օրերուն բազմաթիւ ծանուցումներ կան, կրնաք դիմել եւ անպայման ձեզի յարմար գործ մը պիտի կարենաք գտնել: Կամենալը կարենալ է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շաբթուան առաջին օրը շատ կայտառ էք եւ պատրաստ էք ձեր լաւագոյնը կատարելու, սակայն շատ արագ մի՛ երթաք, որպէսզի ձեր ուժերը չսպառէք: