Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ամէն առտու աշխարհի բոլոր աշակերտները կ՛ուղղուին դպրոց. սակայն անոնք իրենց ժամացոյցները տարբեր ժամերուն վրայ լարած են:
Ճափոնի մէջ
Դպրոցական տարեշրջանը կը սկսի ապրիլին: Աշակերտները դպրոց կ՛երթան առտուան ժամը 8:30-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:30: Անոնք կէսօրին ունին 35 վայրկեան դադար մը` ճաշելու համար: Դասերէն ետք, կարգով, աշակերտները դասարանը կը մաքրեն:
Միացեալ Նահանգներու մէջ
Դասերը կը սկսին առտուան ժամը 9:00-ին եւ կը տեւեն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00: Ամերիկացի աշակերտներն ալ դպրոց չունին շաբաթ օրերը:
Փերուի մէջ
Աշակերտները տարազ կը հագուին, եւ յաճախ մանչերն ու աղջիկները տարբեր դպրոցներ կը յաճախեն: Փոքր տարիքի աշակերտները դպրոց կ՛երթան առտուան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 1:00: Մինչ աւելի մեծերուն դասերը կրնան տեւել մինչեւ երեկոյեան ժամը 9:00-ը:
Գերմանիոյ մէջ
Դասերը կը սկսին ժամը 7:30-ին կամ ժամը 8:00-ին եւ կը վերջանան կէսօրէ ետք մօտաւորապէս ժամը 1:00-ին: Պահերը 45 վայրկեան տեւողութիւն ունին: Իսկ կէսօրէ ետքերը յատկացուած են մարզանքի եւ գեղարուեստական ժամանցներու (երաժշտութիւն, թատրոն…):
Թահիթիի մէջ
Խաղաղական ովկիանոսի այս կղզիին մէջ դպրոցը շատ կանուխ կը սկսի, ժամը 7:30-ին: Սակայն աշակերտները կրնան դպրոց գալ ժամը 6:30-էն սկսեալ: Դասերը տեղի կ՛ունենան առտուն շատ կանուխ, որովհետեւ օդը տակաւին շատ տաք չ՛ըլլար:
Ալճերիոյ մէջ
2011-ի վերամուտէն ի վեր ալճերիացի աշակերտները նուազ դասի ժամեր ունին: Անոնք դպրոց կ՛երթան ժամը 8:00-էն 11:00, եւ ապա կէսօրէ ետք ժամը 1:00-էն 2:30:
Պրազիլի մէջ
Բոլոր աշակերտները կարենալ ընդունելու համար դպրոցները օրը կը բաժնեն երեքի: Աշակերտները 4 ժամ դաս ունին առտուն, կամ կէսօրէ ետք, կամ նոյնիսկ` իրիկունը: Դասարաններուն մէջ կան 40-50 աշակերտներ:
Մատակասքարի մէջ
Հնդկաց ովկիանոսի այս կղզիին մէջ աշակերտները օրական 5 ժամ դաս ունին: Ամէն առտու անոնք ներկայ կը գտնուին դրօշակի արարողութեան, դպրոցին բակին մէջ:
Գիտէի՞ր, Թէ
Աշխարհին Շուրջ
– Նոր տարեշրջան մը կը սկսի: Սկովտիացիները արդէն դպրոց վերադարձած են օգոստոսի կիսուն, ռումանացիները` սեպտեմբերի կիսուն, մինչ ճափոնցի աշակերտները պիտի սպասեն գարնան, ապրիլ ամսուն:
– Աշխարհի մանուկներուն 9 առ հարիւրը նախակրթարան չ՛երթար, իսկ 15 առ հարիւրը երկրորդական չի յաճախեր:
– Ֆրանսացի աշակերտ մը տարեկան 162 օր դպրոց կ՛երթայ, մինչ ճափոնցի աշակերտը` 201 օր:
– Աղջիկներուն կրթութիւնը կը յառաջդիմէ: 2010 թուականին աշխարհի մէջ իւրաքանչիւր 100 մանչ աշակերտի դիմաց միայն 91 աղջիկ դպրոց կ՛երթար, իսկ 2015 թուականին` 97 աղջիկ: Աֆղանիստանի մէջ, երկրորդականի մէջ, 100 աշակերտէն 35-ը աղջիկներ են, մինչ Լէսորոյի մէջ 57 աղջիկներ են, որովհետեւ մանչերը դպրոցը աւելի կանուխ կը ձգեն:
– Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ աշակերտները բակին մէջ կը հաւաքուին դրօշակի արարողութեան եւ ազգային քայլերգին համար:
– Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ մէջ ամրան արձակուրդները կը տեւեն 6 շաբաթ, Ֆրանսայի մէջ` 9 շաբաթ եւ 13 շաբաթ` Փորթուգալի մէջ:
– Չինաստանի մէջ դասարան մը բաղկացած է միջին հաշուով 50 աշակերտէ… մինչ Լիթուանիոյ մէջ` 14 աշակերտէ:
– Գիտէի՞ր, թէ Հունգարիոյ մէջ աշակերտները թուաբանութենէն աւելի մարզանք կ՛ընեն:
– Աւստրալիոյ մէջ, երկրին կեդրոնը հեռաւոր վայրեր ապրող աշակերտները դասերուն կը հետեւին իրենց տունէն: 1948-ին ստեղծուած է «Սքուլ օֆ տի էր». դասերը կը դասաւանդուին ռատիոյի միջոցով, եւ ուսուցիչները աշակերտներուն կ՛այցելեն օդանաւով, տարին 4 անգամ: Անշուշտ այժմ դասերը կը տրուին համացանցին եւ ուէպքամի միջոցով, եւ աշակերտները տարին մէկ անգամ կը հաւաքուին միասին:
Պարտադիր Կրթութիւն
– Ֆրանսայի մէջ` 6 – 16 տարեկան
– Մեքսիքայի մէջ` 4 – 15 տարեկան
– Անգլիոյ մէջ` 4 – 16 տարեկան
– Միացեալ Նահանգներու մէջ` 4 – 17 տարեկան
– Պրազիլի մէջ` 4 – 17 տարեկան
– Քանատայի մէջ` 6 – 18 տարեկան
– Փորթուգալի մէջ` 6 – 18 տարեկան
– Ռուսիոյ մէջ` 7 – 17 տարեկան
– Հոլանտայի մէջ` 5 – 18 տարեկան
Խաղողներու Կռիւ
Ամէն սեպտեմբեր ամսուն մարդիկ կը հաւաքուին Սպանիոյ Մայորքա կղզիին հանդարտ Պինիսալեմ գիւղը` մասնակցելու համար խաղողներու կռիւին:
Աւելի քան հազար մասնակցողներ մեծ շրջանակ մը կը կազմեն խաղողներու հսկայական կոյտի մը շուրջ, եւ երբ սուլիչը ազդարարէ, մարդիկ կը սկսին իրարու վրայ խաղող նետել: Հագուստները մանիշակագոյն կը դառնան, գետինը խաղողի հիւթով կը ծածկուի:
Այս սովորութիւնը սկսած է տօնելու համար բերքահաւաքի եղանակը եւ, ըստ կարգ մը անձերու, ձերբազատելու համար այն ողկոյզներէն, որոնք բաւարար լաւ չէին գինի շինելու համար:
Թղթախաղի Քարտերով Շինուած
Ամէնէն Մեծ Տունը
Չինաստանի Մաքաօ քաղաքի «Վենիշիան» պանդոկին մէջ ճարտարապետ Պրայըն Պըրկ շինած է պանդոկին թղթախաղի քարտերով օրինակը:
Խաւաքարտով այս «տունը» շինելու համար ան աշխատած է 44 օր եւ գործածած է 218.792 քարտ, այսինքն` աւելի քան 4000 տուփ: Պանդոկին խաւաքարտէ այս օրինակը կը կշռէ աւելի քան 272 քիլօ, եւ ունի մօտաւորապէս 10 մեթրով 3 մեթր մեծութիւն: Տունը շինելու համար Պըրկ խէժի ո՛չ մէկ տեսակ գործածած է:
Աղբէ Լաբիւրինթոս
Բնութեան մէջ լաբիւրինթոսները ընդհանրապէս շինուած կ՛ըլլան պարտէզի մը մէջ, թուփերով: Սակայն պրազիլցի արուեստագէտ Էտուարտօ Սրուր ընտրած է ուրիշ միջոց մը: Ան իր լաբիւրինթոսը շինած է վերամշակուելիք աղբերու մեծ կոյտերով:
Սրուրի այս արուեստի գործը իրագործելու համար գործածած է 110 թոն մշակուելիք աղբ:
Լաբիւրինթոսը կը ծածկէ մօտաւորապէս 400 քառ. մեթր: Այս շինարարական մեծ աղբէ քարերը շինուած են ճզմուած կերպընկալէ շիշերէ, գաւաթներէ, թուղթերէ, խաւաքարտէ, ալիւմինիոմ շիշերէ, պողպատէ թելերէ…
Արուեստագէտը ուզած է հաճելի ժամանց մը հայթայթել այցելուներուն, սակայն նոյն ատեն անոնց ուշադրութիւն գրաւել մարդոց արտադրած մեծ քանակներով աղբերուն:
Ժամանց


