Լիբանանեան Ահտ ֆութպոլի խումբը յաջողեցաւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հասնիլ Ասիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականին, երբ իր դաշտէն դուրս 2-0 արդիւնքով յաղթեց պահրէյնեան Մըհրեք խումբին:
Երթին Ահտ դարձեալ յաղթանակ մը արձանագրած էր` 1-0 արդիւնքով:
Դարձի այս մրցումին Ահտի կոլերը նշանակեցին նիկերիացի Մուսա Քըպիրօ (23-րդ) եւ Ահմետ Զըրէյք (93-րդ):
Կիսաւարտականին Ահտ իր դէմ պիտի ունենայ իրաքեան Քուուաթ Ժաուիյա խումբը: Երթի մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 27 սեպտեմբերին` Տոհայի մէջ (Քաթար), իսկ դարձի մրցումը երեքշաբթի, 18 հոկտեմբերին` Մարզական աւանին մէջ: