Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ շաբաթ, 24 սեպտեմբերին, ժամը 19:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք Յակոբ Տօնոյեանի անուան գերբաժակի մրցաշարքին, Ալաշկերտ – Բանանց մրցումին կեդրոնի իրաւարարը պիտի ըլլայ Զաւէն Յովհաննիսեան: Անոր օգնականները պիտի ըլլան Մեսրոպ Ղազարեան եւ Ատոմ Սեւգուլեան:
Իսկ ֆետերասիոնին կողմէ իբրեւ հսկող նշանակուած է Աշոտ Յարութիւնեան: