26 սեպտեմբերէն 5 հոկտեմբեր Մոսկուայի մէջ տեղի պիտի ունենայ 1960-1961 թուականի աշխարհի ճատրակի ախոյեան Միխայիլ Տալի (1936-1992) յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, յայտարարուած է, որ սոյն մրցաշարքին պիտի մասնակցի Լեւոն Արոնեան:
Հոլանտացի Անիշ Կիրի, ազրպէյճանցի Շահրիյար Մամետեարով, չինացի Լի Չաոն, իսրայէլացի Պորիս Կելֆանտ, հնդիկ Վիշվանաթան Անանտ, ռուսեր Վլատիմիր Քրամնիք, Փիոթր Սվիտլեր, Եւկենի Տոմաշեւսքի, Եան Նեփոմնեաշչին եւս պիտի մասնակցին մրցաշարքին: