
Արհեստավարժ բռնցքամարտի գերծանր կշիռքի դասակարգին մէջ աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Մայք Թայսըն հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ ամերիկեան դպրոցներէն մէկուն մէջ աշակերտներու հետ իր հանդիպումին մասին:
«Բազմաթիւ դպրոցականներ ներկայ էին, շուրջ 1000 աշակերտ: Որպէսզի բոլորը գիտնան, թէ ո՛վ եմ ես, ստիպուած էինք պաստառի վրայ ցուցադրել իմ մրցումներէս տեսարաններ:
Աշակերտները վստահ էին, որ ես շարժապատկերի դերասան եմ», ըսաւ Թայսըն:


