Անգլիական Ուեսթ Համ ֆութպոլի ակումբի նախկին մարզադաշտի թրիպիւններէն մէկը պայթեցուցին «Աւարտական արդիւնք» հոլիվուտեան շարժապատկերի տեսարաններէն մէկուն համար: Փիրս Պրոսնանի մասնակցութեամբ շարժապատկերին բեմագրութեամբ` զինեալ յանցագործները կը ներխուժեն մարզադաշտ եւ պատանդ կը բռնեն համակիրները:
2016 թուականի 10 մայիսին Ուեսթ Համ իր վերջին պաշտօնական մրցումը խաղաց մարզադաշտին մէջ, որուն բացումը տեղի ունեցած էր 1904 թուականին:
Մարզադաշտը վաճառուած է «Կալլիարտ» ընկերութեան, որ այդ տարածքին մէջ բնակելի համալիր պիտի կառուցէ:
Ուեսթ Համ Լոնտոնէն 99 տարիով վարձակալած է 2012 թուականի Ողիմպիական խաղերու գլխաւոր մարզադաշտը: