
20 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրներով տեղի ունեցած են նախարարներու պաշտօնանկութիւններ եւ նորերու նշանակումներ:
Աշոտ Մանուկեան նշանակուած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար` փոխարինելով Լեւոն Եոլեանը, Իգնատի Առաքելեան` գիւղատնտեսութեան նախարար` փոխարինելով Սերկէյ Կարապետեանը, Վահան Մարտիրոսեան` փոխադրութեան եւ կապի նախարար` փոխարինելով Գագիկ Բեգլարեանը, Վարդան Արամեան` ելեւմուտքի նախարար` փոխարինելով Գագիկ Խաչատրեանը:
Նախագահական հրամանագիրով Վաչէ Գաբրիէլեան նշանակուած է Հայաստանի փոխվարչապետ, Դաւիթ Յարութիւնեան` կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար, Ալեքսան Յարութիւնեան` նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի առաջին տեղակալ: