«Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Արժանթինի Քաթամարքա նահանգը եւս ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը ու դէմ գալով ժխտումի քաղաքականութեան` որոշած ապրիլ 24-ը ճանչնալ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յարգանքի օր:
Նշենք, որ Արժանթինի կառավարութիւնը 13 դեկտեմբեր 2006-ին իբրեւ օրէնք ընդունած էր Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը, եւ անկէ ի վեր Արժանթինի 17 նահանգներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: