Հոլանտահայ կազմակերպութիւններու դաշնակցութեան նախագահ Մաթօ Հախվերտեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած է, որ Հոլանտայի հայերուն դէմ խռովութիւն հրահրողը պիտի կանգնի դատարանի առջեւ: Ան նշած է, որ ասիկա Հոլանտայի մէջ առաջին դէպքն է, որ հայատեաց կեցուածք արտայայտող մը կը կանգնի դատարանի առջեւ:
Մաթօ Հախվերտեանի համաձայն, դէպքը տեղի ունեցած է 2014-ին, երբ թուրքերը Ալմելօ քաղաքին մէջ բողոքի մեծ ցոյց մը կազմակերպած էին ընդդէմ Ալմելոյի հայ առաքելական եկեղեցւոյ տարածքին մէջ տեղադրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: Բողոքի ցոյցին ընթացքին խօսք արտասանած էր քաղաքացի մը, որ ըսած էր, թէ Ղարաբաղը պիտի դառնայ հայերու գերեզմանը:
«Այդ ցոյցին ընթացքին անոնք խօսք արտասանեցին օսմանեան տարազներ կրելով` ըսելով, թէ ցեղասպանութիւն տեղի չէ ունեցած: Այդ անձը, որ հնչեցուց Ղարաբաղի` հայերու գերեզման դառնալու մասին յայտարարութիւնը, Լա Հէյի մէջ գործող թուրք-ազրպէյճանական կազմակերպութեան մը նախագահն է: Այդ ժամանակ բողոք ներկայացուցինք, բոլոր նիւթերը տրամադրեցինք դատախազութեան: Երկու տարի ետք, այդ բոլոր նիւթերը մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուեցան, երկու անգամ թրքերէնով հնչած խօսքերը թարգմանուեցան տարբեր մարդոց կողմէ: Եւ ահա, նիւթերը ուսումնասիրելէ ետք դատախազութիւնը կը գտնէ, որ հայերուն դէմ գործուած է արարք մը, որ պատժելի է: Հիմա դատախազութիւնը որոշած է լսել այն մարդը, սակայն խնդիրը այն տրամաբանութեան մէջ է, որ գործը պիտի հասնի դատարան», ըսած է Մաթօ Հախվերտեան:
Վերջնական որոշումը դատաւորինն է, կրնայ ըլլալ, որ բանտարկութիւն սահմանուի, կամ ալ դրամական փոխհատուցում կամ տուգանք վճարուի: Մաթօ Հախվերտեանի համաձայն, ատիկա, անշուշտ, կարեւոր է, սակայն, այն որ այդպիսի հայատեաց յայտարարութեան համար ազրպէյճանցին պիտի կանգնի դատարանի առջեւ, արդէն լուրջ քայլ է:
«Կարեւորը երեւոյթն է: Ատիկա կը նշանակէ, որ այսուհետեւ այդպիսի յայտարարութիւններ կատարողը պիտի կանգնի դատարանի առջեւ: Այսինքն` այս դէպքը զսպող գործօն կրնայ ըլլալ: Այդպիսի հոլովոյթ Հոլանտայի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՛ունենայ եւ կրնայ նախադէպ ըլլալ թէ՛ Հոլանտայի, թէ՛ ալ այլ եւրոպական երկիրներու համար», ըսած է Հախվերտեան` նշելով, որ խռովութիւն հրահրող այդ անձնաւորութիւնը նոյն յայտարարութիւնը կատարած է այս տարուան ապրիլին, ղարաբաղեան դէպքերուն ընթացքին կատարուած բողոքի ցոյցի մը ժամանակ:
Անդրադառնալով թուրք-ազրպէյճանական լոպիի աշխատանքին` Մաթօ Հախվերտեան նշեց, որ որոշակի աշխուժացում կը նկատուի, սակայն ազրպէյճանցիները աչքի կը զարնեն սուտ տեղեկութիւններ տարածելով, չեղած բանը ուռճացնելով:
«Օրինակ` խորհրդարանի կողքին կայ սրահ մը, ուր տարբեր կազմակերպութիւններ կրնան հանդիպումներ կազմակերպել, լրատուամիջոցներ հրաւիրել, եւ ատիկա բնաւ կապ չունի խորհրդարանին հետ: Ազրպէյճանցիները երբեմն կը վարձեն այդ սրահը եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն մէջ կը տարածեն տեղեկութիւն, թէ խորհրդարանին մէջ Խոջալուի հարցով ցուցահանդէս կազմակերպած են: Մէկ այլ պարագայի, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու ճամբով տեղեկութիւն տարածած էին, թէ հայերը իրենց ակումբը ջարդած են: Դիմեցինք ոստիկանութեան, ի յայտ եկաւ, որ այդպիսի բան չկայ: Իսկ իրենց լրատուամիջոցներուն ճամբով այդպիսի կեղծ լուրեր կը տարածեն», աւելցուցած է Մաթօ Հախվերտեան: