Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անտեան Երկիրներու Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

September 21, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

andean-parliament_92016

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Փրենսա Արմենիա» լրատու գործակալութիւնը, կը հաղորդէ, որ Անտեան խորհրդարանը, որ Անտեան երկիրներու (Չիլի, Պոլիվիա, Փերու, Էքուատոր եւ Քոլոմպիա) համայնքի ղեկավար մարմինն է, 17 սեպտեմբերին Մոնթեվիտէոյի մէջ իր գումարած նիստին ընթացքին միաձայնութեամբ որդեգրած է ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը:

Նախագիծը, որուն հեղինակն է Անտեան խորհրդարանի Էքուատորի ներկայացուցիչ Փետրօ Տէ Լա Քրուզ, կը յայտնէ, որ 24 ապրիլ 2016-ին 101-ամեակն էր հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան, որ իրագործուած է 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ եւ խլած 1,5 միլիոն մարդու կեանք:

Բանաձեւը կը շեշտէ.

– Դատապարտել տարբեր համայնքներու եւ ժողովուրդներու դէմ գործուած միջազգային յանցագործութիւնները, մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւնները, ցեղասպանութիւնը եւ նախայարձակման յանցագործութիւնները,

– Ճանչնալ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրաւորուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ համերաշխութիւն յայտնել հայ ժողովուրդին եւ անոնց (ցեղասպանութեան զոհերու) ժառանգորդներուն, որոնք ամբողջ աշխարհի վրայ կը կազմեն հայկական համայնքը: Դատապարտել որեւէ ժխտողական քաղաքականութիւն` ուղղուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործուած մարդկութեան դէմ յանցագործութեան:

– Յորդորել միջազգային ընտանիքին, կիրարկելու ՄԱԿ-ի որդեգրած սկզբունքը, որ կ՛ենթադրէ պաշտպանել քաղաքացիները ցեղասպանութիւններէն, մարդկութեան դէմ գործուող յանցագործութիւններէն եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներէն, ձեռնարկել միջոցներ, որպէսզի կարելի ըլլայ տարբեր համայնքները, ժողովուրդներն ու ազգերը փրկել բռնութեան պատճառով յառաջացած տառապանքէն:

Բանաձեւը կ՛ենթադրէ յորդորել միջազգային ընտանիքին ճանչնալու հայ ժողովուրդի ցեղասպանութիւնը իբրեւ պատմական փաստ եւ աջակցելու ճշմարտութեան ու արդարութեան փնտռտուքին:

 

 

Նախորդը

Ազրպէյճան Դժգոհ Է Թեհրանի Խաղերուն Արցախի Մասնակցութենէն

Յաջորդը

Հոլանտայի Մէջ Հայերուն Դէմ Խռովութիւն Հրահրողը Պիտի Կանգնի Դատարանի Առջեւ

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.