ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ծրագիր մը գործադրելէ առաջ երկար մի մտածէք եւ որոշում տալէ ետք ձեր որոշման վրայ հաստատ մնացէք, քանի որ լաւ ուսումնասիրած եւ այդպէս գործի անցած էք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեզի նախանձողներ կան, սակայն ձեր պատասխանատուները ձեզ գնահատել գիտեն: Հակառակ նախանձողներուն` պաշտօնի բարձրացում պիտի ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մօտ օրէն նիւթական յաւելում մը պիտի ունենաք, ինչ որ ձեր դրամատան գումարը պիտի բարձրացնէ, եւ նոր ներդրումներ պիտի կարենաք ընել:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նեղ կացութեան մատնուած էք, սակայն անձ մը օգնութեան պիտի հասնի ձեզի, որմէ ո՛չ մէկ ակնկալութիւն ունիք, եւ որուն հետ պիտի կարենաք սերտ կապեր հաստատել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարծէք` յուսահատութեան մատնուած էք եւ ո՛չ մէկ բան ընել կ՛ուզէք: Կը սխալիք, յամառ եղէք եւ ծրագիր մը մշակեցէք, որ անպայման պիտի յաջողի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ամուրի էք, անձ մը կայ, որ կը հետաքրքրուի ձեզմով, բայց համարձակութիւն չունի արտայայտուելու: Դուք այդ անձը լաւ կը ճանչնաք, օգնեցէք, որպէսզի հարցը դիւրանայ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ընկերութենէն հեռացած էք եւ մեկուսացած կեանք մը ունիք: Առանձին ապրիլը դիւրին չէ: Միութեան մը մէջ գործունէութիւն մը ունեցէք, որպէսզի լճացումէ հեռու մնաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր շրջապատը ձեր վրայ մեծ վստահութիւն ունի, եւ մարդիկ միշտ ձեր կարծիքներուն կը դիմեն: Գիտէք զանոնք ճիշդ ճամբով առաջնորդել, եւ անոնք միշտ գոհ կը մնան ձեզմէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքին մէջ մարդիկ միշտ ձեզմէ ակնկալութիւններ ունին, եւ դուք զիրենք յուսախաբ չէք ըներ եւ միշտ լաւ ծրագիրներ կը ներկայացնէք ձեր պատասխանատուներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կարծէք տան գործերը մոռցած էք եւ դուրսի կեանքով տարուած էք: Մի՛ մոռնաք, որ վերամուտ է, եւ տան մէջ շատ գործեր կան կատարելիք: Ուրեմն` քաջութիւն ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տարուած էք անցեալի յիշատակներով, որոնք ոչինչ կրնան փոխել: Իրականութեան դարձէք եւ ձեր բարեկամներուն հետ խաղաղ երեկոյ մը վայելեցէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Շատ պարզօրէն կը մօտենաք բոլոր անձերուն. սակայն զգուշացէք կեղծաւոր անձերէ, որոնք կրնան վնասել ձեզի: