Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսահայերը Կը Քննադատեն Ժխտողականութեան Մասին Ծերակոյտի Յանձնախումբին Որոշումը

September 17, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

senate_91616

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով «Նուվել տ՛Արմենի»-ն, կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնած է Ֆրանսայի Ծերակոյտի յատուկ յանձնախումբին կողմէ որդեգրուած Հաւասարութեան եւ քաղաքացիութեան մասին օրէնքի 38-րդ յօդուածին մէջ կատարուած փոփոխութիւններուն առնչութեամբ:

Նշեալ յօդուածը ուղղուած է մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններու եւ ցեղասպանութիւններու ժխտման դատապարտման: Յանձնախումբին որդեգրած փոփոխութիւններով կասկածի տակ կը դրուի ժխտողականութեան դէմ որդեգրուելիք օրէնսդրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Այս քայլը յառաջացուցած է նաեւ ֆրանսացի շարք մը օրէնսդիրներու դժգոհութիւնը, որովհետեւ 38-րդ յօդուածին կէտերը միաձայնութեամբ որդեգրուած են Ֆրանսայի Ազգային ժողովի կողմէ:

Ֆրանսայի մէջ հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը յիշեցուցած է, որ «Փերինչեք ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործին մէջ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը ընդունած է հակաժխտողական օրէնսդրութեան որդեգրման կարելիութիւնը, եթէ այդ ժխտողականութիւնը կը հրահրէ ատելութիւն եւ բռնութիւն: Միեւնոյն ժամանակ կը շեշտուի, որ Ֆրանսայի Սահմանադրական խորհուրդը 8 յունուար 2016-ի որոշումով հաստատած է հրեաներու ցեղասպանութեան ժխտումը դատապարտող «Կեսոյի օրէնք»-ին սահմանադրականութիւնը:

«Այս օրէնսդրութեան համար անհրաժեշտ են առաւել խորացուած իրաւական աշխատանքներ, որոնք պէտք է կատարուին ինքնին այն կառավարութեան կողմէ, որ նախաձեռնած է այս օրէնսդրութեան: Ծերակոյտը չի կրնար փոխզիջումի դիմել եւ ենթարկուիլ ազգայնականներու եւ հակաժողովրդավարական ուժերու կողմէ վերահսկուող թրքական կառավարութեան ճնշումներուն: Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ Ծերակոյտին վերականգնելու այս օրէնսդրութիւնը այն համախոհութեան մթնոլորտին մէջ, որ կը տիրէր Ազգային ժողովին մէջ», նշուած է կազմակերպութեան յայտարարութեան մէջ:

 

Նախորդը

Պաքու Իրանի Մէջ Համահայկական Խաղերուն Արցախի Ներկայացուցիչներու Մասնակցութեան Դէմ Բողոքագիր Պիտի Յանձնէ Թեհրանին

Յաջորդը

Փոփոխութիւններ` Կառավարութեան Աշխատակազմին Մէջ

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.