Օրեր առաջ Թուրքիոյ Տերիք շրջանի քաղաքապետարանի պատին տեղադրուած եռալեզու ցուցանակէն վերցուցած էին հայերէն գրառումը:
Ըստ «Կազեթատուվար»-ի, ոստիկանները վերականգնած են եռալեզու գրութիւնը եւ հրշէջ մեքենաներու օգնութեամբ զայն տեղադրած քաղաքապետարանի շէնքին վրայ:
Նախապէս «Տեմոքրաթհապեր» հաղորդած էր, որ քրտերէն, թրքերէն եւ հայերէն գրառումներով ցուցանակին վրայէն հայերէն գրառումը վերցուած է քաղաքապետարանին մէջ հսկիչներու նշանակումէն անմիջապէս ետք: Նոր տեղադրուած ցուցանակը Թուրքիոյ դրօշին գոյներով է եւ տեղադրուած է ոստիկաններու հսկողութեամբ: