Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ռուսական «Վեսթի» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին սուրիական իշխանութեանց կոչ ուղղեց միջազգային լրատուամիջոցներուն Սուրիա մուտքի ազատութիւն տալու` նշելով, որ «Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն շուրջ շատ ենթադրութիւններ եղան, որովհետեւ սուրիական ղեկավարութիւնը կ՛ուշանայ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն երկիր մուտքի ազատութիւն տալ»` նշելով, որ իր երկիրը սուրիական իշխանութիւններուն խրատած է այդ քայլին դիմելու:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ «մեկնելով լիպիական փորձառութենէն` Ռուսիա Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ հարցով արեւմտեան բանաձեւին պիտի չզօրակցի»: Ան նշեց, որ «արեւմտեան պետութիւնները Սուրիոյ հարցին շուրջ ռազմավարութիւն մը չունին»` աւելցնելով, որ «անոնք նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացման կոչ կ՛ուղղեն եւ կը ջանան պատժամիջոցներով զայն նեղը մատնել, սակայն հետագայ դէպքերուն զարգացման դիմակալման ծրագիր մը չունին»:
Աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Ֆրանսա պատրաստած է Սուրիոյ շուրջ նոր բանաձեւ մը, որ անմիջական պատժամիջոցներ չի բովանդակեր, սակայն կը զգուշացնէ, որ որոշ ժամանակ ետք, հաւանաբար երկու շաբաթ ետք, պատժամիջոցներ կրնան որդեգրուիլ: Աղբիւրը կը նշէ, որ նոր բանաձեւը առայժմ Ռուսիոյ զօրակցութեան չէ արժանացած, սակայն այդ ուղղութեամբ ջանք կը տարուի եւ ցուցանիշներ գոյութիւն ունին, որ Ռուսիա կրնայ վեթոյի չենթարկել բանաձեւը` նկատի ունենալով, որ անիկա պատժամիջոցներ չի բովանդակեր:


