Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ՄԱԿ-Ի ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՄՆԱՅՈՒՆ ՀԻՆԳ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՄԲՈՂՋ ԱՇԽԱՐՀԸ ԳԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԿԸ ՊԱՀԵՆ» Կ՛ԸՍԷ ԷՐՏՈՂԱՆ

September 29, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ազդեցիկ «Թայմ» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւններուն, պաղեստինեան խնդիրին, ՄԱԿ-ի մէջ բարեփոխումներ կատարելու անհրաժեշտութեան, թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, «Արաբական գարնան» եւ Սուրիոյ զարգացումներուն մասին:

Էրտողան դժգոհութիւն յայտնած է Պաղեստինի հարցով զբաղող Միջինարեւելեան քառեակէն (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական Միութիւն եւ ՄԱԿ) եւ զայն մեղադրած է ոչ անկեղծ կերպով գործելու յանցանքով:

«Եթէ Միջինարեւելեան քառեակը իրապէս կ՛ուզէ պաղեստինեան հիմնախնդիրը լուծել, ապա պէտք էր Իսրայէլի դէմ պատժամիջոցներ կիրարկէր: ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը սպառնացած էր Իսրայէլին, որ անոր նկատմամբ գոյութիւն ունի 89 որոշում, եւ զանոնք չգործադրելու պարագային պատժամիջոցներ պիտի կիրարկէ: Սակայն Իսրայէլ չկատարեց այդ պահանջը, եւ անոր դէմ ոչ մէկ պատժամիջոց կիրարկուեցաւ: Սակայն Իրանի եւ Սուտանի պէս երկիրներու դէմ անմիջապէս պատժամիջոցներ կը կիրարկուին», ըսած է Էրտողան:

Ընդգծելով, որ ՄԱԿ-ի մէջ բարեփոխումները անհրաժեշտ են, Էրտողան ըսած է. «Պէտք է բոլորը անկեղծ ըլլան եւ ատոր համար անհրաժեշտ է ՄԱԿ-ի մէջ բարեփոխումներ կատարել: Ի՞նչ կը նշանակէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ: Անհրաժեշտ է ատիկա վերցնել: Ամբողջ աշխարհը բառին բուն իմաստով այդ մնայուն հինգ անդամներուն (Ռուսիա, Միացեալ Նահանգներ, Չինաստան, Բրիտանիա, Ֆրանսա) որոշումներուն գերին դարձած է»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ իրադարձութեանց` Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է, որ Ասատի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման մասին խօսք չի կրնար ըլլալ: «Պաշշար Ասատ ինծի կ՛ըսէր, որ սուրիական բանտերուն մէջ կը պահուին ընդամէնը 83 քաղաքական բանտարկեալներ, երբ իրականութեան մէջ այդ թիւը կը հասնի հազարներու: Ես չեմ կրնար անձնական կապերս շարունակել ղեկավարի մը հետ, որ հրասայլերով կը կրակէ իր սեփական ժողովուրդին վրայ», ըսած է ան:

Թուրքիոյ վարչապետը քննադատած է նաեւ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը` նշելով, որ անոնք իրենց կարելին կ՛ընեն Թուրքիան Եւրոպայէն հեռու պահելու: «Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ժաք Շիրաքի եւ Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Կերհարտ Շրէօտըրի օրերուն Թուրքիա կը մասնակցէր Եւրոպայի ղեկավարներու բոլոր վեհաժողովներուն: Սակայն երբ իշխանութեան եկան Մերքելն ու Սարքոզին, իրավիճակը կտրուկ փոխուեցաւ: Ամէն պարագայի, մենք վճռական ենք Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հարցին մէջ, Եւրոպական Միութեան մէջ բոլոր ղեկավարներն ալ ուշ կամ կանուխ պիտի փոխուին», ըսած է Էրտողան:

 

Նախորդը

ԻՐԱՆ ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ 600 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ

Յաջորդը

«ՌՈՒՍԻԱ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՐՑՈՎ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԲԱՆԱՁԵՒԻՆ ՊԻՏԻ ՉԶՕՐԱԿՑԻ» Կ՛ԸՍԷ ԼԱՒՐՈՎ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.