Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գերմանացի Երեսփոխանը Անընդունելի Կը Նկատէ Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւին Մասին «Տեր Շփիկըլ»-ի Հրապարակումը

Սեպտեմբեր 7, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Vailer_90616

«Արմէնփրես» կը գրէ, որ գերմանական հեղինակաւոր «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթին այն հրապարակումը, թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի ետքայլ կատարելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին Պունտեսթակի բանաձեւէն, քննարկումներու մեծ առիթ դարձած է գերմանական քաղաքական շրջանակներու մէջ: Հրապարակումը արդէն պաշտօնապէս հերքուած է թէ՛ կառավարութեան բանբերին, թէ՛ ալ իշխող քաղաքական կուսակցութեան` Քրիստոնեայ- ժողովրդավարական միութեան ընդհանուր քարտուղարին կողմէ:

Հայ-գերմանական համախմբումի նախագահ, Պունտեսթակի Քրիստոնեայ-ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան երեսփոխան Ալպերթ Վայլեր, որ վերջերս աշխատանքային այցելութեամբ մը կը գտնուէր Հայաստան, «Արմէնփրես»-ին յայտնած է. «Հայաստանի մէջ ինծի փոխանցեցին Գերմանիոյ նկատմամբ հայ ժողովուրդին մեծ գոհունակութիւնը: Այս առումով «Տեր Շփիկըլ»-ի հրապարակումը ուղղակի անընդունելի է: Այդպիսի կեղծ հրապարակումը կը ծանրաբեռնէ թէ՛ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ, թէ՛ ալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ առանց այդ ալ լարուած յարաբերութիւնը: Գերմանիոյ այս յառաջատար լրատուամիջոցէն ես կ՛ակնկալեմ լուրջ եւ պատշաճ վերլուծում: Յատկապէս այդպիսի զգայուն հարցին պարագային, ինչպիսին է հայերու ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ, այսպիսի հապճեպ յայտարարութիւնները, ըստ իս, կը հակասեն որեւէ բարոյագիտութեան եւ անպատիւ են»:

«Տեր Շփիկըլ» հաղորդած էր, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու վարչապետի գրասենեակը համաձայնած են, որ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Զայպերթ մամլոյ ասուլիս տայ եւ յայտարարէ, որ կառավարութիւնը ինքզինք հեռու կը պահէ Պունտեսթակի կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւէն: Կառավարութեան բանբերը պէտք էր յայտարարէր, որ Պունտեսթակի բանաձեւը չունի կառավարութեան համար պարտադիր բնոյթ:

Աւելի ուշ խնդիրին անդրադարձած է վարչապետ Անկելա Մերքել եւ պահանջած յարգանք ցուցաբերել Պունտեսթակի կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին նկատմամբ: Մերքել հերքած է այն պնդումները, թէ Գերմանիոյ կառավարութիւնը Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու համար ինքզինք հեռու պիտի պահէ խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւէն: Յայտարարելէ ետք, որ պէտք է յարգել Պունտեսթակի որոշումը, Մերքել յայտնած է, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը այդ բանաձեւին վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն պիտի չկատարէ:

 

Նախորդը

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցաւ Զինուորներու Հետ

Յաջորդը

Հայաստանի Մէջ Քննութիւններու Մասնակցելով` Աշակերտները Կրնան Ընդունուիլ Քեմպրիճ, Օքսֆորտ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?