ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ
Շատ նախանձողներ ունիք ձեր շուրջը մանաւանդ` ձեր աշխատատեղին: Ձեր գործակիցները ձեզի բարեկամ չեն կրնար ըլլալ: Կեղծաւորներէ հեռու մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Արձակուրդը վերջացաւ, եւ ձեզի համար դժուար է ձեր գործին վերադառնալը. սակայն պէտք է վերստանձնել գործերը եւ յաջորդ արձակուրդին մասին մտածել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Զգուշացէք ձեր գործակիցներէն, որոնք միշտ ձեզ կը հետապնդեն: Արթուն եղէք եւ ձեր իմաստութեամբ շրջանցեցէք զանոնք, որպէսզի դուք ձեզ պարտադրէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Անցեալի դժուարութիւնները մոռցէք եւ նոր կեանք մը սկսեցէք, որպէսզի կարենաք նոր ծրագիրներով յաջողութիւններ գտնել: Ապագային հետեւեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շրջապատին մէջ ձեզ չհասկցողներ կան, որոնք ամէն բան թեթեւի կ՛առնեք: Դուք ձեր աշխատանքով զանոնք պիտի զարմացնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Թէեւ դրամասէր էք, սակայն կը սիրէք տեղին նուէրներ ընել եւ ուրախացնել ձեր բարեկամները: Այս ալ գոհունակութիւն կու տայ ձեզի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երբեմն առիթներ կ՛ունենաք` ձեր կեանքը բարելաւելու, բայց այդ առիթները կ՛անտեսէք: Զգուշ եղէք եւ այդ ներկայացած առիթներէն օգտուեցէք, որպէսզի ձեր ապագան զարգացնէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր աշխատավայրին մէջ ձեր լաւ աշխատանքին համար նախանձողներ կան, որոնք պիտի ջանան ձեզի վնաս հասցնել, սակայն ձեր անտարբերութեամբ պիտի յաջողիք վանել զանոնք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր բարեկամէ մը ընթրիքի հրաւէր մը պիտի ստանաք, որ շատ հաճելի պիտի անցնի եւ ձեր օրուան յոգնութիւնը պիտի փարատէ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Եթէ ձեզի համար անլուծելի հարց մը կայ, ձեր անկեղծ բարեկամներուն դիմեցէք, որոնք պիտի կարենան ձեզ լուսաբանել եւ լաւ ուղղութիւն տալ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր համեմատաբար հանգիստ օր մը ունեցէք, քանի որ յաջորդ օրերը խճողուած պիտի ըլլան, եւ քիչ մը տակնուվրայութիւններ պիտի պատահին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այսօր պիտի զբաղիք ձեր պետական տուրքերը վճարելով, որմէ ետք ձեր եկամուտը պիտի կարենաք բարելաւել: