Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մերքել Կը Վերահաստատէ Բանաձեւին Իր Զօրակցութիւնը. Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Կը Հերքէ, Թէ Կը Պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Որոշումէն Ետքայլ Կատարելու

Սեպտեմբեր 3, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Steffen-Seibert_90216

«Արմէնփրես»` վկայակոչելով գերմանական «Թակեսաու»-ը, կը հաղորդէ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը կը հերքէ այն տեղեկութիւնը, թէ կը պատրաստուի Պունտեսթակի կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւէն հեռու մնալու վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարելու:

Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Շթեֆեն Զայպերթ յայտնած է, որ կառավարութիւնը չի պատրաստուիր ինքզինք հեռացնելու Պունտեսթակի բանաձեւէն: «Գերմանիոյ Պունտեսթակը իրաւունք եւ կարելիութիւն ունի մեկնաբանելու որեւէ նիւթ ամէն անգամ, որ կը տեսնէ ատոր անհրաժեշտութիւնը: Դաշնակցային կառավարութիւնը կը պաշտպանէ Գերմանիոյ խորհրդարանի գերիշխանութեան իրաւունքը», ըսած է Զայպերթ:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդած է, որ Գերմանիոյ իշխող Քրիստոնեայ Ժողովրդավարական կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վոլքեր Քաուտեր յայտնեց, որ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել իրեն յայտնած է, որ չի պատրաստուիր ինքզինք հեռացնելու Պունտեսթակի որոշումէն: Քաուտեր ատիկա յայտարարած է իր կուսակցութեան անդամներուն հետ հանդիպումին ընթացքին:

Մերքել Քաուտերի հետ զրոյցի ընթացքին հաստատած է իր դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին վերաբերեալ: Քաուտեր նաեւ յայտնած է, որ Գերմանիոյ վարչապետը ըսած է, թէ նախքան Պունտեսթակի մէջ բանաձեւին քուէարկութեան դրուիլը, ինք կուսակցութեան անդամներու հանդիպումին ընթացքին ատոր թեր քուէարկած է:

«Արմէնփրես» երէկ հաղորդած էր, որ գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթը կը յայտնէ, որ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ու վարչապետի գրասենեակը համաձայնած են, որ կառավարութեան բանբեր Շթեֆըն Զայպերթ մամլոյ ասուլիս մը տայ եւ յայտարարէ, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը ինքզինք հեռու կը պահէ Պունտեսթակի կողմէ որդեգրուած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող որոշումէն:

Ան մասնաւորաբար պէտք է յայտարարէ, որ Պունտեսթակի բանաձեւը չունի կառավարութեան համար պարտադիր բնոյթ:

Նախքան որոշումի որդեգրումը Պերլինի մէջ քննարկումներ կատարուած են, թէ ո՛վ պէտք է կատարէ համապատասխան յայտարարութիւնը: «Շփիկըլ»-ի հաղորդումով, արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր չէ ուզած այդ դերը իր վրայ վերցնել: Վարչապետ Մերքելի կողմէ այդպիսի քայլ եւս կարելի չէ, որովհետեւ այդ քայլը կրնար նկատուիլ իբրեւ Էրտողանի առջեւ զիջում կատարել: Ի վերջոյ որոշուած է, որ լրատուամիջոցներու առջեւ խօսի կառավարութեան բանբերը:

«Տէօչէ Վելլէ» իր կարգին երէկ հաղորդեց, որ Շթայնմայեր երէկ յայտարարած է, թէ Պունտեսթակի որոշումը պարտադիր բնոյթ չունի: «Գերմանական Պունտեսթակը բնականաբար ամէն իրաւունք եւ ազատութիւն ունի քաղաքական հարցերու շուրջ արտայայտուելու», ըսած է ան` աւելցնելով. «Սակայն ինքնին Պունտեսթակը յայտնեց, որ ամէն որոշում պարտադիր բնոյթ չունի»:

Նշենք, որ Անգարա գերմանացի երեսփոխաններուն Ինճիրլիքի ռազմակայան տեղակայուած գերմանացի զինուորներուն այցելելու արտօնութիւն տալու համար` պայման ճշդած էր Գերմանիոյ կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան որոշումէն հրաժարելու հրապարակային քայլ մը:

 

Նախորդը

Նալբանդեանի Եւ Մամետեարովի Հետ Մինսքի Խմբակի Հանդիպումներ` Նիւ Եորքի Մէջ

Յաջորդը

Իշխանեան. «Բացառուած Է, Որ Արցախի Հիմնահարցի Հանգուցալուծման Վերջակէտը Դրուի Հողային Զիջումներու Վրայ»

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?