Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանեան. «Բացառուած Է, Որ Արցախի Հիմնահարցի Հանգուցալուծման Վերջակէտը Դրուի Հողային Զիջումներու Վրայ»

September 3, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

tavit_90216

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին առիթով «Երկիր»-ը հարցազրոյց կատարած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանին հետ, որ անդրադարձած է բանակցային գործընթացներուն եւ հաւանական փոխզիջումներուն:

Ան հաստատած է, որ ապրիլէն ետք ակնյայտ դարձաւ, որ բանակցային գործընթացը` իբրեւ այդպիսին, փակուղիի մէջ է` վստահեցնելով, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի իշխանութիւններուն կարեւորագոյն խնդիրը այն է, որ ապագային, երբ բանակցային գործընթացը վերսկսի Արցախը ներգրաւուի` իբրեւ բանակցային կողմ:

«Առանց Արցախի` բանակցային գործընթացին մասնակցութեան որեւէ հարցի լուծման հեռանկար չենք տեսներ: Ի՞նչ կը կատարուի ապագային, դժուար է կանխատեսել, բայց պարզ է, որ հարցին հանգուցալուծումը պէտք է տեսնել ոչ զինուորական գործողութիւններու շրջագիծին մէջ», յայտնած է Իշխանեան:

Խօսելով փոխզիջումներուն վերաբերող շրջան ընող տարբեր լուրերու մասին` ան կարծիք յայտնած է այն մասին, որ արցախեան կողմը, յատկապէս ապրիլեան ռազմական գործողութիւններէն ետք, աւելի եւս ամրապնդեց իր կեցուածքը` բացառելով հողային զիջումներու տարբերակը: «Պատահական չէ, որ հարցախոյզները ցոյց տուին, թէ  Արցախի բնակչութեան 99 առ հարիւրէն աւելին կը բացառէ, որ Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերջակէտը դրուի հողային զիջումներուն վրայ: Նոյնիսկ մնացած` 1 առ հարիւր բնակչութեան շրջանին մէջ առկայ այդպիսի միտում պէտք է ի սպառ վերացնել», հաստատած է պատգամաւորը:

Անդրադառնալով Արցախի զինուած ուժերու պատրաստակամութեան` Դաւիթ Իշխանեան նշած է, որ, պարբերաբար այցելելով դիրքեր, սահմանագիծ, հոն գտնուող զինուորին մօտ կը տեսնեն, թէ զինուորին մարտական ոգին կոտրած չէ ապրիլեան պատերազմէն ետք, ինչպէս նաեւ կան ճարտարագիտական նոր կառոյցներ, զինուորական համալրուածութիւն եւ պատնէշի ամրապնդում, ինչ որ նոյնպէս յուսադրող է եւ կ՛երաշխաւորէ աւելի խաղաղ եւ անվտանգ ըլլալը:

 

Նախորդը

Մերքել Կը Վերահաստատէ Բանաձեւին Իր Զօրակցութիւնը. Գերմանիոյ Կառավարութիւնը Կը Հերքէ, Թէ Կը Պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Որոշումէն Ետքայլ Կատարելու

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան. «Աշխարհասփիւռ Հայութեան Աջակցութեամբ Եւ Աշխուժ Մասնակցութեամբ Մենք Կարողացանք Պատուով Յաղթահարել Բոլոր Դժուարութիւնները»

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.