Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան երէկ աւարտեց Ռուսիա կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին հանդիպումներ ունեցած էր ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Պաշտօնական այցելութեան աւարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Արսլան յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին ռուսական զինուորական միջամտութեան նպատակն է պահպանել Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը` դիմադրելով Արեւմուտքին կողմէ Սուրիան մասնատելու հրէշային ծրագիրին:
Արսլան հաստատեց, որ Լիբանան կը կրէ Սուրիոյ իրադարձութիւններուն հետեւանքները` աւելցնելով, որ շրջանին մէջ ռուսական դերակատարութիւնը ինքնաբերաբար պիտի պաշտպանէ Լիբանանը, «իսկ Սուրիոյ մէջ կայունութեան վերահաստատումը պիտի օժանդակէ Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանումին», հաստատեց ան:
Արսլան դիտել տուաւ, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու իմաստով արաբական լուրջ ծրագիր մը գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ ահաբեկչութեան դէմ իսկական պայքարը սկսած է ռուսական միջամտութեամբ: