ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մարտիկները երէկ առաւօտեան Արսալի Տահր Հուա շրջանին մէջ գտնուող զինեալներուն մէկ կեդրոնը ռմբակոծեցին` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
ՖԱԹՀ Իսլամի անդամ պաղեստինցի Սամեր Ռաֆիք Տահապրի երէկ Այն Հելուէ գաղթակայանին մուտքին անձնատուր եղաւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան:
ԱՆՁՆԱԿԱՆ հիւանդանոցներու սենտիքայի նախագահ Սլէյման Հարուն յայտնեց, որ 64 տարիքը ամբողջացուցած քաղաքայիններուն ձրի հիւանդանոցային խնամքի դրութիւնը պիտի գործադրուի երկու ամսուան համար` իբրեւ փորձառական շրջան:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա խստիւ դատապարտեց «Ախպար» օրաթերթի խմբագրապետ Իպրահիմ Ամինի դէմ Միջազգային դատական ատեանին արձակած վճիռը` հաստատելով, որ այդ վճիռը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է: Ան նշեց, որ Միջազգային դատական ատեանին վճիռը դատական չէ, այլ քաղաքական:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 400 լ. ոսկիով սղած է, 98 օքթանը` 500 լ. ոսկիով, իսկ մազութը` դարձեալ 400 լ. ոսկիով:
ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ կառավարութեան ներկայացուցչականութեան մասին վերջին խօսողը պէտք է ըլլայ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի շեշտեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ իր կեցուածքներուն մէջ գացած է չափազանցութեան, ինչ որ ժխտական ազդեցութիւնը ունեցած է Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թեկնածութեան վրայ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շնորհաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու հիմնադրութեան 71-ամեակին առիթով: Ան բարձր գնահատեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն կողմէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու ջանքերը: