Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

19 հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտինի արքեպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման մասնակցելու նպատակով Հռոմ գտնուող Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն 18 հոկտեմբերի կէսօրին այցելեց Հայ կաթողիկէ քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանն ու Սուրբ Նիկողայոս Թոլենդինացի եկեղեցին:

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին եւ բարձրաստիճան հիւրերու ընկերակցութեամբ կատարուած շրջագայութենէ ետք տեղի ունեցաւ հանդիպում մը: Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հոգեւոր տէրը ըսաւ, որ նախագահ Աունի առած այս քայլին ի տես աւելի քան երբեւէ կը զգայ բառերուն անզօրութիւնը` արտայայտելու այն բոլոր մտածումները, զգացումները եւ մաղթանքները, որոնք սրտին մէջ կը թեւածեն` լեցուն սիրով եւ յարատեւ նուիրումով այս հսկայ եւ անսահման զոհողութեան դիմաց, զոր նախագահը կատարեց ի պատիւ Սուրբ Մալոյեանի եւ անոր եկեղեցւոյ:

Նոյնիսկ եթէ փոքրիկ եկեղեցի մըն է, բայց եւ այնպէս ունի խոր արմատներ եւ դարաւոր անցեալ մը մեր սիրեցեալ Լիբանանի մէջ, եւ պիտի շարունակէ մնալ խոր ու ամուր արմատներով, ինչպէս կաղնի մը լիբանանեան բարձունքներուն:

«Թոյլ տուէք, որ բոլոր այս զգացումներս եւ գոհունակութիւնս ամփոփեմ մէկ բառով` արտայայտելով սէրս, երախտագիտութիւնս եւ նուիրումս ձեզի եւ հայրենիքիս` Լիբանանի հանդէպ` շնորհակալութիւն», ըսաւ հոգեւոր տէրը:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը դիտել տուաւ, որ  այսօր պատմութիւնը կանգնած է լուսաւոր պահու մը առջեւ, ուր հաւատքը կը հանդիպի հայրենասիրութեան, իսկ հաւատարմութիւնը` զոհողութեան: «Ձեր ներկայութիւնը պարզ պաշտօնական մասնակցութիւն մը չէ եկեղեցական արարողութեան մը, այլ կենդանի վկայութիւն մըն է, որ Լիբանանը տակաւին հաւատք ունի, եւ որ հաւատքի արմատները աւելի զօրաւոր են, քան այն բոլոր փոթորիկները, որոնք կը փորձեն քանդել զայն», ըսաւ ան` շեշտելով, որ Լիբանանը` հաւատքի հայրենիքը, տակաւին կ՛առաջնորդուի մաքուր խիղճով, զերծ` հասարակական կիրքերէ:

Հոգեւոր տէրը նշեց, որ Լիբանանը` քաղաքակրթութեան սիրտը, տակաւին կը բաբախէ նախագահին հովանիին տակ, որ այսօր միակ քրիստոնեայ նախագահն է Միջին Արեւելքի մէջ, «եւ մենք հպարտ ենք ու կը փառաւորենք այս ազգային իրողութիւնը»:

«Ահա թէ ինչո՛ւ ձեր անձին մէջ կը տեսնենք այն տիպարը, որ կը շարունակէ այս ճամբան` անցեալի փառաւոր ժառանգութենէն դէպի պայծառ ներկան` լեցուն յոյսով ու յաջողութեամբ, ապահովութեամբ եւ խաղաղութեամբ բոլոր լիբանանցիներուն համար: Այս օրերուն, երբ խօսքը շատցած է, իսկ գործը` քիչցած, ձեր այս քայլը եղաւ հաւատքի արարք մը` սերմանելով նոր յոյս մեր սիրտերուն մէջ, վերստեղծելով այն Լիբանանը, որ պատգամ է աշխարհին,  Լիբանանը, որ տակաւին կ՛ապրի Աստուծոյ եւ մարդուն սիրով», ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ առ ի գնահատանք հանրապետութեան նախագահը պատուեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան բարձրագոյն շքանշանով` «Հաւատքի խաչ»-ով:

Նախագահ Աուն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ շքանշանին համար շնորհակալ ըլլալէ աւելի մեծապէս շնորհակալ է, որ իրեն առիթ տրուեցաւ մասնակից դառնալու սրբադասման Մալոյեան արքեպիսկոպոսին, որ ոչ միայն հայ ու լիբանանցի սուրբ մըն է, այլ շատ աւելին` ան համամարդկային սուրբ է, որ ունէր դատ մը, որուն համար ալ կեանքը զոհեց. «Այդ դատը իր կեանքէն աւելի թանկ էր: Իսկ մենք սուրբերէն սորվեցանք, որ որեւէ դատ, որուն մէջ հաւատք չկայ, յաջողութեան չի կրնար հասնիլ», դիտել տուաւ նախագահ Աուն:

Ապա խօսքը հոգեւորականներուն ուղղելով` Լիբանանի նախագահը շեշտեց, որ մեր պապերը վանքեր կառուցեցին եւ ժայռը փորագրեցին իրենց ձեռքերով, որովհետեւ մեծապէս կը հաւատային իրենց դատին, ունէին աննկարագրելի տոկունութիւն եւ վճռականութիւն: Անոնց երկրորդ առաքելութիւնը հանդիսացաւ հաւատքն ու կրօնը տարածել ու ամրապնդել, իսկ երրորդը` ուսումն ու մարդուժի պատրաստութիւնը: Ան յոյս յայտնեց եւ խնդրեց բոլոր հոգեւորականներէն ուսումին կառչած մնալ եւ չարտօնել, որ սերունդներ առանց ուսման մնան, որովհետեւ ուսումը մարդուն դրամագլուխն է ընդհանրապէս, յատկապէս` Լիբանանի մէջ:

Նախորդը

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Յաջորդը

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

RelatedPosts

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Ի Զօրակցութիւն Սամուէլ Կարապետեանին Եւ Ձերբակալուած Բարձրաստիճան Հոգեւորականներուն

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?