Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս յայտնեց, որ հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնը երկուշաբթի, 5 սեպտեմբերէն սկսեալ մագլցողական քայլերու պիտի դիմէ եւ պիտի փակէ ինքնաշարժներու մեքանիզմը ստուգող չորս կեդրոնները (մեքանիքի ստուգման կեդրոններ):
Ան կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն չուղղուելու ինքնաշարժներու մեքանիզմը ստուգող կեդրոններ եւ մասնակցելու նստացոյցին` բողոքելու համար այդ կեդրոններուն մէջ տեղի ունեցող գայթակղութիւններուն դէմ: