«Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ «Էմինտ» ընկերաբանական հիմնարկի` գերմանական «Պիլտ ամ Սոննթակ» շաբաթաթերթին պատուէրով կատարած հարցախոյզը ցոյց կու տայ, որ Գերմանիոյ բնակչութեան կէսը դէմ է Անկելա Մերքելի` չորրորդ անգամ ըլլալով վարչապետ ընտրուելուն:
Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին վրայ Մերքելի հետագայ ընտրութեան համաձայն է Գերմանիոյ մէջ կատարուած հարցախոյզին մասնակիցներուն միայն 42 առ հարիւրը:
Միաժամանակ կը նշուի, որ 28 օգոստոսին հրապարակուած ուսումնասիրութեան արդիւնքներուն համաձայն, Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութեան կողմնակիցներու շարքերուն մէջ Մերքելի` դարձեալ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելուն համաձայն է հարցախոյզին մասնակիցներուն 70 առ հարիւրը, իսկ դէմ` 22 առ հարիւրը:
Լրատուամիջոցներուն տուեալներով` Անկելա Մերքել յետաձգած է երկրի կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնին առաջադրուելու վերաբերեալ որոշումը:
Գերմանիոյ մէջ խորհրդարանական յաջորդ ընտրութիւնները նախատեսուած են 2017-ի աշնան: