Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Տարածքային Կառավարման Եւ Զարգացման Նախարարութեան Մէջ Քննարկուած Են Մարզային Հիւանդանոցներու Խնդիրները

August 27, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Lokian_82616

Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեանի գրասենեակին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան փոխնախարար Սերկէյ Խաչատրեանի եւ մարզպետներու մասնակցութեամբ քննարկուած են մարզային առողջապահական հաստատութիւններու արդիականացման, բժշկական օգնութեան որակի բարելաւման եւ այլ հարցեր:

Մասնաւորապէս` անդրադարձ կատարուած է Արագածոտնի մարզի «Ծաղկահովիտ բժշկական կեդրոն» եւ «Աշտարակի բժշկական կեդրոն», Շիրակի մարզի «Սամարիթեր վերականգնողական կեդրոն», «Գիւմրիի  ծննդատուն», «Մարալիկի առողջութեան կեդրոն», Գեղարքունիքի մարզի «Մարտունի բժշկական կեդրոն» ընկերութիւններու հիմնանորոգման ու վերազինման, մատուցուող բժշկական ծառայութիւններու որակի բարելաւման եւ այլ խնդրիներու:

Յատկապէս կարեւոր նկատուած են մարզային առողջապահական համակարգի արդիւնաւէտացման շարունակականութեան ապահովումը եւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու ստեղծումը: Քննարկումին հիման վրայ կատարուած են շարք մը առաջարկներ:

Կառավարութիւնը Պիտի Աջակցի Մարզերու Մէջ Խնդիրներու Լուծման

government_82616

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան հերթական նիստը, որ վարած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը: Գործադիրին որոշումով` կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն 15 միլիոն դրամ պիտի յատկացուի Հայաստանի Արմաւիրի մարզի Վաղարշապատ քաղաքի թիւ  7 դպրոցի մարզասրահի տանիքի, վնասուած պատուհաններու եւ  դռներու վերանորոգման նպատակով, 20 միլիոն դրամ` մարզի Վաղարշապատ քաղաքի նոր կառուցուող մարզադպրոցի տարածքին մէջ  ֆութպոլի մարզադաշտի եւ վազքուղիի կառուցման համար:

Հիմնաւորման համաձայն, 5 օգոստոսին Արմաւիրի մարզին մէջ տեղի ունեցած ուժեղ պտտահողմին պատճառով վնասուած են Վաղարշապատ քաղաքի թիւ 7 դպրոցի մարզադահլիճի տանիքը, դռները եւ  պատուհանները, կտրուած են դռներուն եւ պատուհաններուն ապակիները:

Կառավարութեան մէկ այլ որոշումով` Հայաստանի Հանրապետութեան Արարատի մարզի Պարոյր Սեւակ սահմանամերձ համայնքի բնակիչներուն 1 յունուար 2016-էն մինչեւ 31 դեկտեմբեր 2016 ինկած ժամանակահատուածին համար պիտի տրամադրուի ընկերային  աջակցութիւն` բաժանորդներու սպառած ելեկտրականութեան ծախսին համար (մինչեւ 120 քվոլթ)` 50 առ հարիւր չափով, ինչպէս նաեւ գոյքահարկի եւ հողի հարկի ամբողջութեամբ փոխհատուցելու նպատակով: Տրուած որոշումով կը նախատեսուի Հայաստանի  պիւտճէով «Պետական աջակցութիւն սահմանամերձ համայնքներուն» ծրագիրին գծով սահմանուած յատկացումներու շրջագիծին մէջ  իրականացնել վերաբաշխում` Հայաստանի Տաւուշի մարզին յատկացուած գումարներու տնտեսումներու հաշուոյն:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Զարգացման Գործակալութեան Աջակցութեամբ Պիտի Ստեղծուի Օրէնսդրութեան Կատարելագործման Կեդրոն

Յաջորդը

«Հայկական Աշխարհը Համացանցին Մէջ» Գիտաժողովը Ամփոփեց Իր Աշխատանքները

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.