Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

August 25, 2016
| Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Միշտ խաղաղ ճամբան ընտրեցէք. ինչի՞ կը ծառայէ ջղայնանալը: Ջղային վիճակը կը տկարացնէ եւ ձեզ ո՛չ մէկ տեղ կրնայ առաջնորդել:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը բնաւ նպաստաւոր չէ գործառնութիւններու համար. նուազագոյնով գոհացէք եւ մնացեալը յաջորդ օրուան ձգեցէք, որպէսզի գործերը աւելի յստակ տեսնէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Թէեւ ինքնավստահ էք, սակայն երբեմն կը տկարանաք, ինչ որ բնական բան մըն է: Հանդարտութեամբ ամէն գործ դիւրին կ՛ընթանայ:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ընտանիքին հետ կապուած մնացէք, սակայն պզտիկ անկախութիւն մըն ալ պահեցէք ձեզի: Յարաբերութիւնները ամուր պահեցէք, բայց սեղմումէ ալ հեռու մնացէք: Քիչ մը ձեր անձնական կեանքին մասին մտածեցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարեկամի մը օգնութեամբ գործի մը պիտի ձեռնարկէք. հակառակ մանր դժուարութիւններու, պիտի կարենաք յառաջդիմել եւ չսպասուած յաջողութիւն մը պիտի ունենաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Աշխատանքին մէջ կարգ մը փոփոխութիւններ դժուարութիւններ պիտի յառաջացնեն. համբերութեամբ շարունակեցէք, քանի որ արագօրէն պիտի ընտելանաք նոր կացութեան:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ յոգնած էք եւ լարուած վիճակ մը ունիք. շաբաթավերջին առանձնացէք եւ պզտիկ պտոյտներ կատարեցէք, որպէսզի ձեր բնականոն վիճակը վերագտնէք:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր մուրհակները վճարեցէք, որպէսզի անակնկալներու չհանդիպիք. պարտքը տալով կը վերջանայ կ՛ըսուի: Այս ձեւով դուք ալ հանգիստ կ՛ընէք եւ տաղտուկներէ հեռու կը մնաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Արձակուրդի վերջաւորութեան ձեր բարեկամներէն պիտի բաժնուիք, ինչ որ ձեր տրամադրութեան պիտի ազդէ: Բարեբախտաբար անցողակի է եւ ձեր գործով տարուելով պիտի մոռնաք զանոնք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Արձակուրդը յաւերժական չէ, շուտով ձեր գործին պիտի սկսիք. անշուշտ առաջին օրը հաճելի չէ, սակայն պէտք է աշխատիլ` մտածելով յաջորդ արձակուրդին մասին:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր տան մէջ երեկոյ մը պիտի կազմակերպէք եւ ձեր բարեկամները պիտի հրաւիրէք: Պիտի կատարէք զուարճալի եւ յատուկ խաղեր, որոնցմէ հրաւիրեալները շատ գոհ պիտի մնան:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մեծ ցաւով պիտի ձգէք արձակուրդի ձեր տունը, սակայն անպայման պէտք է վերադառնաք ձեր ընթացիկ կեանքին: Ձեր հարազատ տունը մտնելով սիրով պիտի սկսիք ամէնօրեայ կեանքին:

Նախորդը

Արթուր Ալեքսանեանին Եւ Գոռ Մինասեանին` «Գիւմրիի Պատուոյ Քաղաքացի» Կոչում

Յաջորդը

50 Տարի Առաջ (25 Օգոստոս 1966)

RelatedPosts

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

March 18, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

March 17, 2020
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.