Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԱՀԿ-ն Եւ Ոստիկանութիւնը Քննարկած Են Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Գրաւումը

August 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Argo Avakov-OSCE_82216

18 օգոստոսին ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Արկօ Աւաքով հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետի տեղակալ Վարդան Եղիազարեանի հետ` քննարկելու 17 յուլիսին Էրեբունի Պարեկապահակային ծառայութեան գունդի գրաւման հետ կապուած զարգացումները եւ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի պատրաստակամութիւնը օգնելու Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան` ամրապնդելու ոստիկանութեան եւ հասարակութեան միջեւ վստահութիւնն ու համագործակցութիւնը:

Դեսպան Աւաքով տեղեկացուցած է ոստիկանութեան անվտանգութեան մարզի բարեփոխումներու հարցին մէջ ԵԱՀԿ-ի մօտեցման մասին. բարեփոխման շրջագիծին մէջ կը նախատեսուի քաղաքացիական հասարակութեան եւ իշխանութեան միջեւ համագործակցութեան խթանում եւ անկախ դիտարկման եւ վերահսկման մեքանիզմներու  ամրապնդման օժանդակութիւն: Ան ներկայացուցած է գրասենեակի նախաձեռնութիւնը ստեղծելու քաղաքացիական հասարակութեան խորհրդատուական խորհուրդ, որ ԵԱՀԿ-ի աշխատանքին մէջ կը ծառայէ  իբրեւ խորհրդակցական մարմին անվտանգութեան մարզի բարեփոխումներու մասով: Յատկապէս ոստիկանական աշխատանքի մարզին մէջ դեսպանը նկարագրած է ԵԱՀԿ-ի նախաձեռնութիւնները, որոնք կրնան խթանել ուղղակի երկխօսութիւն ոստիկանութեան, քաղաքացիական հասարակութեան եւ լայն հասարակութեան միջեւ այնպիսի խնդիրներու շուրջ, ինչպիսիք են հասարակական կարգի պահպանումը եւ հաւաքներու ազատութեան իրականացումը:

Ոստիկանութեան պետի տեղակալը առաջարկած է կազմակերպել ոստիկանութիւն-լրատուամիջոցներ կլոր սեղաններ` բարելաւելու ոստիկանութեան յարաբերութիւնները լրատուամիջոցներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Գրասենեակի ներկայացուցիչները նշած են, որ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակի աջակցութեամբ ոստիկանութեան եւ լրատուամիջոցներուն միջեւ կլոր սեղաններու նախորդ քննարկումներուն ընթացքին քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ բարձրացուած են որոշ մտահոգութիւններ` կապուած հաւաքներու ընթացքին ոստիկանութեան գործողութիւններուն հետ, մնացած են անլոյծ: Գրասենեակը  առաջարկած է, որ ոստիկանութիւնը հաշուի առնէ բարձրացուած հարցերը եւ կլոր սեղանի քննարկումներու արդիւնքով պատրաստուին առաջարկներ եւ լուծումներ` կապուած Հայաստանի մէջ հասարակական կարգի պահպանման բարելաւման հետ:

Դեսպան Աւաքով ցաւակցութիւն յայտնած է ոստիկանութեան պետի տեղակալին` զոհուած ոստիկաններու կապակցութեամբ եւ բարձր գնահատած բանակցողներու արհեստավարժութիւնը, որոնք կանխեցին Էրեբունիի Պարեկապահակային ծառայութեան գունդին մէջ պատանդներու եւ զինեալներու կեանքերու կորուստը: Դեսպան Աւաքով ողջունած է վերջին ցոյցերուն ընթացքին լրագրողներուն եւ ցուցարարներուն նկատմամբ առանձին ոստիկաններու կողմէ ոչ պատշաճ վարքագիծի ու բռնութեան մեղադրանքները հետաքննելու ուղղութեամբ ձեռնարկուած գործողութիւնները:

ԵԱՀԿ-ի լաւագոյն փորձը կ՛ենթադրէ, որ ոստիկանական ուժերը, այլ իրաւապահ մարմիններն ու բանտային ծառայութիւնները ենթակայ ըլլան անկախ վերահսկողութեան համակարգերու` թափանցիկ ներքին կանոնակարգով եւ հանրային բողոքներու ընթացակարգով:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ընդունած Է Չինաստանի Առեւտուրի Փոխնախարարը

Յաջորդը

Վենետիկի Յանձնաժողովն Ու ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու Եւ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակը Ողջունած Են Նոր Ընտրական Օրէնսգիրքը

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.