Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Ընդունած Է Չինաստանի Առեւտուրի Փոխնախարարը

August 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12581_am_1

Հայաստանի կառավարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 22 օգոստոսին ընդունած է Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարար Ծեան Քեմինի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնած է հայ-չինական համագործակցութեան բարձր մակարդակին եւ զայն ամրապնդելու երկկողմանի պատրաստակամութեան համար` հաստատելով, որ այդ մասին կը վկայեն վերջին շրջանի յաճախակի բարձրաստիճան պաշտօնական փոխադարձ այցելութիւնները: Ըստ անոր, Հայաստանի համար Չինաստանը բարեկամ երկիր է, կարեւոր գործընկեր, եւ երկկողմանի առեւտրական, տնտեսական յարաբերութիւնները աշխուժ զարգացման փուլի մէջ են. վերջին տարիներուն էապէս աւելցած է փոխադարձ առեւտուրի ծաւալը: Այս պարունակին մէջ վարչապետը կարեւոր նկատած է աշխատանքները առեւտրական եւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-չինական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբին, որուն հերթական` 9-րդ նիստը տեղի ունեցած է 22 օգոստոսին Երեւանի մէջ (Ծեան Քեմինը այդ յանձնախումբի չինական կողմին համանախագահն է):

Չինաստանի առեւտուրի փոխնախարարը նշած է, որ Հայաստանն ու Չինաստանը ո՛չ միայն լաւ բարեկամներ են, այլ նաեւ յուսալի գործընկերներ, եւ առկայ կայուն քաղաքական երկխօսութիւնը կարելիութիւն կու տայ նոր մակարդակի բարձրացնել փոխադարձ գործակցութիւնը: Ծեան Քեմին նշած է, որ հայ-չինական առեւտրական- տնտեսական կապերը արդիւնաւէտ կերպով կը զարգանան, եւ առկայ է մեծ ներուժ` անոնց սերտացման եւ հետագայ խորացման համար: Ան Հայաստանի վարչապետին ներկայացուցած է Հայ-չինական միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի 9-րդ նիստին արդիւնքները` դիտել տալով, որ քննարկուած եւ նախանշուած են շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութիւնը խորացնելու նպատակով երկու երկիրներու բարձրագոյն ղեկավարութեան միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կեանքի կոչման հետագայ քայլերը:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնած են ճանապարհաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, կրթութեան եւ այլ մարզերու մէջ միացեալ ծրագիրներու ընթացքէն եւ քննարկած վերոնշեալ, ինչպէս նաեւ շարք մը այլ` հանքարդիւնաբերութեան, ելեկտրականութեան, սննդարդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ, շրջանային նշանակութեան երթեւեկի ենթակառոյցներու զարգացման ուղղութեամբ գործակցութեան խորացման վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան հարցին: Փոխնախարարը կարեւոր նկատած է Հայաստանի դերը Չինաստան-Եւրասիական տնտեսական միութիւն  յարաբերութիւններու զարգացման առումով: Ի պատասխան`  Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստան կ՛ողջունէ եւ պատրաստ է աջակցելու այդ հոլովոյթին:

Ըստ վարչապետին, Չինաստանը կարեւոր գործընկեր է Հայաստանի համար, եւ կառավարութիւնը կ՛ողջունէ չինական լայնածաւալ ներդրումներու ներգրաւումը Հայաստանի տնտեսութեան մէջ:

Նախորդը

Քաղաքացիական Ընկերութեան Անդամները Կատարեցին Նստացոյց Մը` Փակելով Ճամբաներ Եւ Քարկոծելով Ապահովութեան Ուժերը

Յաջորդը

ԵԱՀԿ-ն Եւ Ոստիկանութիւնը Քննարկած Են Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Գրաւումը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները  Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Հանդիպած Են Հայաստանի Մէջ Ֆրանսայի Դեսպանին

November 27, 2026
Հայկական Երկաթուղիի  Ռուսական Կառավարումը  Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ
Հայկական

Հայկական Երկաթուղիի Ռուսական Կառավարումը Պիտի Ազդէ ԹՐԻՓՓ-ի Նախագիծին Վրայ

November 27, 2026
Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը  Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ
Գլխաւոր լուրեր

Իրանի Գերագոյն Հոգեւոր Պետին Խորհրդականը Կը Զգուշացնէ «Կեղծ Ուղիներ» Օգտագործելէ

November 26, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։