Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենետիկի Յանձնաժողովն Ու ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական Հաստատութիւններու Եւ Մարդու Իրաւունքներու Գրասենեակը Ողջունած Են Նոր Ընտրական Օրէնսգիրքը

August 23, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Venice-commission_82216

Վենետիկի յանձնաժողովը եւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակը (ԺՀՄԻԳ) 19 օգոստոսին Հայաստանի իշխանութիւններուն փոխանցած են փոփոխութեան ենթարկուած Ընտրական օրէնսգիրքին վերաբերեալ իրենց երկրորդ միացեալ կարծիքը:

Փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է, որ Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւն ծագած է դեկտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած սահմանադրական փոփոխութիւններու լոյսին տակ:

«Հակառակ անոր որ ընտրական համակարգը ամբողջովին նոր է, բարեփոխումները կ՛առնչուին այնպիսի կարեւոր հարցերու, ինչպէս` ընտրողներու ցանկերու ճշգրտութիւնը, որ նախապէս եւս շեշտուած է ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ-ի եւ Վենետիկի յանձնաժողովի առաջարկներուն մէջ:

«Կարեւոր է, որ 25 մայիս 2016-ին նոր Ընտրական օրէնսգիրքի ընդունումը տեղի ունեցած է զգալի մեծամասնութեամբ, անոր յաջորդած է իշխող եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւնը` ընդլայնելու ժողովրդավարական ընտրութիւններուն համար անհրաժեշտ նախապայմանները (տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան 2016-ի աշնան, իսկ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 2017-ի գարնան):

«Քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւնները եւս կառուցողական կերպով ներգրաւուած են բանակցութիւններուն մէջ` հակառակ անոր որ ի վերջոյ չեն ստորագրած վերջնական համաձայնագիրը: Անիկա ստեղծած է հիմք, որպէսզի խորհրդարանը 30  յունիսին ընդունի Ընտրական օրէնսգիրքի փոփոխութիւնները, որոնք մասնաւորապէս կ՛առնչուէին ընտրական հոլովոյթի վերահսկման մէջ նոր արհեստագիտութեան միջոցներու ներդրման` այն պայմանով, եթէ ապահովուի համապատասխան ֆինանսաւորումը:

«Այս փոփոխութիւնները կրնան նկատուիլ իբրեւ նոր ընտրական համակարգի եւ ընթացակարգերու նկատմամբ հանրային վստահութեան բարձրացումը աւելցնելու միջոցներ: Այս իրավիճակը ցոյց կու տայ ինչպէս իշխող մեծամասնութեան, այնպէս ալ ընդդիմութեան կառուցողական մօտեցումը, ինչ որ կրնայ խթանել նոր Ընտրական օրէնսգիրքի կենսագործումը:

«Վենետիկի յանձնաժողովը եւ ԵԱՀԿ-ԺՀՄԻԳ-ը իրենց աջակցութիւնը յայտնած են փոխզիջումային այս ոգիին եւ կ՛ուզեն, որ անիկա տիրէ նաեւ Ընտրական օրէնսգիրքի իրականացման եւ 2016-ի աշնան նոր Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի ընտրութեան ատեն», նշուած է փաստաթուղթին մէջ:

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ն Եւ Ոստիկանութիւնը Քննարկած Են Պարեկապահակային Ծառայութեան Գունդի Գրաւումը

Յաջորդը

Նախարար Լեւոն Մկրտչեանի Հրամանով` Դպրոցներու Տնօրէններու Եւ Ուսուցիչներու Հետ Խորհրդակցութիւններ Տեղի Պիտի Ունենան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.