Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրայզա. «Մոսկուան Կը Փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Կողմերը Մօտեցնել Փոխզիջումներու Միջոցով»

August 22, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Bryza_80916

«Ամերիկայի ձայն»-ը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նախկին նախագահ Մեթիու Պրայզա յայտնած է, որ Ռուսիոյ կողմէ ձեռնարկուող քայլերը կը վկայեն, որ Մոսկուան կը փորձէ ղարաբաղեան տագնապի կողմերուն դիրքորոշումները փոխզիջումներու միջոցով իրարու մօտեցնել:

«Իմ կարծիքովս, արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը նախագահ Փութինի կարգադրութեամբ սեղանի վրայ նոր առաջարկ դրած է` փորձելով վերամշակած է այն շրջանակային համաձայնագիրը, որ մշակուած էր մեր օգնութեամբ 2007-ին, Մատրիտի մէջ», ըսած է Պրայզա:

Ըստ անոր, մատրիտեան սկզբունքները հիմնականին մէջ փոփոխութիւններու չեն ենթարկուած անցեալ տարիներուն ընթացքին մէջ. «Շրջանակային փաստաթուղթին մէջ արմատական փոփոխութիւններ չեն կատարուած, որովհետեւ ատիկա խնդիրը լուծելու միակ տրամաբանական ուղին էր»:

Պրայզայի համաձայն, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները սկզբունքային համաձայնութեան եկած էին շրջանակային փաստաթուղթին շուրջ, եւ կ՛ակնկալուէր, որ ձեռք պիտի բերուի վերջնական համաձայնութիւն, որուն պիտի հետեւէին վերջնական համաձայնագիրի մշակման ուղղուած երկարատեւ բանակցութիւնները:

«Սակայն, հոլովոյթը յառաջ չընթացաւ, որովհետեւ ո՛չ նախագահ Ալիեւը, ո՛չ նախագահ Սարգսեանը իրարու նկատմամբ չունէին բաւարար վստահութիւն` քաղաքացիները բարդ որոշումներու մասին տեղեկացնելու համար», յայտնած է Պրայզա:

Պրայզայի կարծիքով` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած վերջին շրջանի ճգնաժամը պայմանաւորուած է նախ եւ առաջ ղարաբաղեան տագնապին շուրջ իշխանութիւններուն կողմէ հաւանական փոխզիջումներու հետ անհամաձայնութեամբ:

«Խօսքը այժմ կը վերաբերի նոր փոխզիջումին, որ կողմերը պիտի միացնէ զիրար: Կը կարծեմ Հայաստանի քաղաքական համակարգին մէջ որոշ մարդիկ չեն ուզեր փոխզիջումներու դիմել: Իբրեւ հետեւանք եղաւ այս ճգնաժամը», ըսաւ ան:

Նախորդը

Խէյրի Պաշտօնավարութեան Երկարաձգումէն Ետք Հերթը Զօր. Քահուաժիինն Է

Յաջորդը

Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Որոշումով. Այսուհետեւ Տնօրէնները Հաստատագիր Կը Ստանան Միայն Մէկ Անգամ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.