Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրթութեան Եւ Գիտութեան Նախարարին Որոշումով. Այսուհետեւ Տնօրէնները Հաստատագիր Կը Ստանան Միայն Մէկ Անգամ

Օգոստոս 22, 2016
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Levon_82116

Նոր` 2016-2017 ուսումնական տարուընէ սկսեալ աւագ դպրոցներու  աւարտական դասարաններու աշակերտներուն կը սպասեն  փոփոխութիւններ: Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, ամիսներ առաջ այդ պաշտօնին նշանակուելէ ետք, խօսած էր նշուած կրթական աստիճանին մէջ առկայ շարք մը թերութիւններու եւ վերանայումներու  անհրաժեշտութեան մասին: Ան եկած էր այն եզրայանգումին, որ աւագ դպրոցին մէջ ուսումնառութեան երկու տարիները, ըստ էութեան, անարդիւնաւէտ ձեւով կ՛օգտագործուին: Այժմ ահա համապատասխան փոփոխութիւններով արձանագրուած է, որ հանրակրթական դպրոցի աւարտական` 12-րդ դասարանի երկրորդ կիսամեակին ընթացքին  աշակերտները պիտի սորվին շատ քիչ թիւով նիւթեր` իրենց ընտրութեամբ:

«12-րդ դասարանի վերաբերեալ փոփոխութիւններ կատարած ենք: Ըստ այդ փոփոխութիւններուն, այն աշակերտները, որոնք հոսքային ուսուցումով կ՛աշխատին, կրնան ընտրել առնուազն երեք ցանկացած նիւթ, եւ այդ կիսամեակին ընթացքին դպրոցին մէջ կը կազմակերպուի այդ նիւթերուն կրկնողութիւնը, որպէսզի լուծենք աւագ դպրոցի շրջանաւարտներուն համալսարան ընդունուելու խնդիրը», ըսած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեան: Այսինքն` աւարտական դասարանի աշակերտները, որոնք, իբրեւ կանոն, արդէն ընտրած կ՛ըլլան իրենց ապագայ մասնագիտութիւնը եւ հետեւաբար կ՛իմանան նաեւ, թէ համալսարան ընդունուելու համար ինչ նիւթերու քննութիւն պիտի տան, կարելիութիւն կ՛ունենան այդ նիւթերը կրկնել կամ վերաիւրացնել  ուսումնական հաստատութեան մէջ: Նախարարութիւնը կը քննարկէ նաեւ աւագ դպրոցի աւարտական քննութիւններու թիւը կրճատելու հարցը: Վերջնական որոշում պիտի տրուի մօտիկ ապագային, եւ ամենայն հաւանականութեամբ շրջանաւարտները քննութիւն պիտի տան 6-ի փոխարէն 3 նիւթերու մէջ:

Վերոնշեալէն բացի, նախարար Լեւոն Մկրտչեան իրագործած է ի սկզբանէ  խոստացուած այլ փոփոխութիւն մը` կապուած դպրոցի տնօրէններու պաշտօնի վրայ հաստատման հետ: Նախարարի պաշտօնին նշանակուելէ ետք, առաջին անգամ մասնակցելով հանրակրթական ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէններու պաշտօններուն հաստատման հոլովոյթին, անոր վրայ ճնշող տպաւորութիւն գործած էր այն պատկերը, երբ տեսած էր, թէ ինչպէ՛ս երկարամեայ եւ փորձառու տնօրէնները քննութիւն կու տան աշակերտի պէս: Ինչպէս յայտնի է, մինչեւ այժմ գործող կարգին համաձայն, իւրաքանչիւր հինգ տարին անգամ մը տնօրէնները կամ այդ պաշտօնին յաւակնող անձեր պէտք էր քննութիւն տային, որպէսզի ստանային դպրոց ղեկավարելու իրաւունքը փաստող հաստատագիր: Միայն այդ հաստատագիրի առկայութեան պարագային անոնք կրնային մասնակցիլ տնօրէնի թափուր պաշտօնի մրցումին: Վերջին փոփոխութիւններէն ետք, սակայն, հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ  Յովհաննիսեանի փոխանցումով, այն անձերը, որոնք արդէն իսկ ստացած են նշուած հաստատագիրը, երկրորդ անգամ ձեռք բերելու համար քննութիւն չեն տար, եւ անոնց ունեցած հաստատագիրը կը գործէ անժամկէտ: Ընդամէնը տնօրէններէն  կը պահանջուի հինգ տարուան  պարբերականութեամբ մասնակցիլ վերապատրաստման:

 

Նախորդը

Պրայզա. «Մոսկուան Կը Փորձէ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Կողմերը Մօտեցնել Փոխզիջումներու Միջոցով»

Յաջորդը

«Արցախ Երբեք Մաս Պիտի Չըլլայ Ազրպէյճանին» Կ՛ըսէ Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխան Ֆրանք Էնկել

RelatedPosts

Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Հայկական

Կալուզին. «Պաքուի Եւ Երեւանի Միջեւ Վերջնական Հաշտութիւնը Պէտք Է Ստորագրուի Մոսկուայի Մէջ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ
Գլխաւոր լուրեր

Ձերբակալուեցան Արագածոտնի Թեմի Առաջնորդը Եւ Խումբ Մը Հոգեւորականներ

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին
Հայկական

Պայրամով Կրկին Խօսած Է Հայաստանի Սահմանադրութեան Մէջ «Տարածքային Պահանջներու» Մասին

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?