Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարցազրոյց Բեմագիր Եւ Բեմադրիչ Էրիկ Նազարեանի Հետ

Օգոստոս 17, 2016
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Կարելի Է Նաեւ Պայքարիլ Մշակոյթի Եւ Ֆիլմարուեստի Ճամբով, Կարել Ի Է Մեծ Նուաճումներ Արձանագրել Եւ Աւելի Լայն Հանրութեան Հասնիլ». «Պոլիս» Ժապաւէնին Մասին «Ազդակ»-ին Ըսաւ Բեմադրիչը

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

IMG_0979fՀայաստան ծնած, Միացեալ Նահանգներու մէջ մեծցած եւ ներկայիս հոն ապրող ու գործող բեմագիր եւ բեմադրիչ Էրիկ Նազարեանին հետ զրոյցը այնքան պարզ ու հաղորդական է, այնքան ընկերային ու հարազատ շեշտադրումով պարուրուած (նոյնիսկ եթէ առաջին անգամ ըլլալով կը հանդիպիք), որ ժամերը կը սահին շատ դիւրաւ ու հաճելի կերպով, սակայն խորքին մէջ Էրիկ Նազարեանին մտածումները, գաղափարները, տագնապները, մարդկային վեհ  սկզբունքներու եւ  հայկական գերագոյն արժէքներու կառչածութիւնը այնքա՛ն խորքային են, իրենց պարզ պարունակին մէջ այնքա՛ն բարդ ու շերտաւորուած, այնքան արհեստավարժ մօտեցումներով կառուցուած, որ զրոյցի աւարտին կը լիցքաւորուիս այն զգացումով ու տպաւորութեամբ, որ մարդկային ու ազգային կարեւորագոյն ու էութենական հարցեր քննարկուած են, արուեստի ճամբով անդրադարձ կատարուած է քաղաքականին, ազգայինին, միջազգայինին ու հայկականին: Թերեւս նաեւ քեզ պարուրէ այն զգացումը, որ զրոյցին ընթացքին ալեկոծած ես զգայուն բեմադրիչ-արուեստագէտին հոգին եւ հոնկէ դուրս բերած` յիշատակներ, ցաւեր, տագնապներ, նաեւ` կտակը հին սերունդին, ժառանգը նահատակներուն, պատգամը վերապրողներուն… իսկ այս բոլորը միս ու ոսկոր կը ստանան Էրիկ Նազարեանի մասնագիտութեան ու հմտութեան ճամբով, գաղափարներն ու պատումները կը դառնան պատկեր, ապրուած, սակայն մոռացութեան մատնուած ճշմարտութիւնները կը վերարտադրուին գեղարուեստական ամբողջական տուեալներով օժտուած ժապաւէններով, յուշը կը դառնայ ներկայ, պատգամը` վերանորոգ կտակ, յոյսը` կրկնակի տարողութիւն ստացած մղիչ ուժ…

Էրիկ Նազարեանին դէմքը դիտողը շատ յստակ կերպով ու իսկոյն կը զգայ, որ անոր գործերը ծնած են տագնապներէ, ներքին ալեկոծումներէ, անոր կեանքը եղած է մնայուն փնտռտուքով լիացած, եւ բեմադրիչը կրցած է յափշտակել առիթները, զանոնք լաւագոյնս ծառայեցնել ի խնդիր իր մեծ հօր տուած դաստիարակութեան մարմնաւորման, ի շահ Հայոց ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւով եւ աշխարհին համար հաղորդական կերպով ներկայացնելու դատին` միշտ իբրեւ գերագոյն նպատակ ունենալով «ապտակ տալ փետուրով»:

«Ազդակ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին իբրեւ հիմնական առանցք ունեցանք երեք հիմնական ժապաւէններ` «Պոլիսը», Արշալոյս (Օրօրա) Մարտիկանեանի նուիրուած ժապաւէնն ու Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» վէպի հիման վրայ նկարահան- ւելիք ժապաւէնը:

Ն. Բ.

«ՊՈԼԻՍ»

Flyer-for-Bolis-A-Film-by-Eric-Nazarian-September-26-2013

«Տարօրինակ բան մը ունի Պոլիսը, մարդիկը ծանօթ կը թուին ըլլալ, թէեւ կ՛ուզէի ատել այս քաղաքը, երբ օդանաւէն իջայ, սակայն կարծես տունս եկած եմ: Կ՛ուզեմ հասկնալ այս քաղաքը», կ՛ըսէ «Պոլիս» ժապաւէնին հերոսը` հաստատելով, որ ոչինչ կրնայ զինք մոռցնել տալ 1915-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածը:

Bolis_81716

Արձագանգելով այն իրականութեան, որ «Պոլիս» խորագիրը կրող ժապաւէնը Թուրքիոյ մէջ եւ թրքական նախաձեռնութեամբ նկարահանելն եւ Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելը յանդուգն քայլ էր, եւ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս առաւ այդ քայլը, ի՞նչ խոչընդոտներու հանդիպեցաւ, Էրիկ Նազարեան ըսաւ. «Կեանքիս մէջ իւրայատուկ պահ էր այս ժապաւէնին իրականացումը: Մանկութենէս մեծ հայրս` Յովհաննէսը, շաբաթ օրերը հայերէն դաս կու տար ինծի, ժամանցի պահ ունէինք, պտուղ կը պատրաստէր, եւ երեք-չորս ժամ դաս կ՛ընէինք իրարու հետ: Բազմաթիւ պատմութիւններ կը պատմէր ինծի, տարբեր գրագէտներու մասին կը խօսէր. մանկութենէս գիտցած եմ, որ Պոլիսն ու Թիֆլիսը հանդիսացած են մշակոյթի գլխաւոր կեդրոնները, հոն եղած է մշակոյթի ոսկեդարը, հոն ապրած են նշանաւոր գրողները:

Ըլլալով արեւելահայ` Պոլիս անունը մանկուց մէջս տարբեր քաղցրութիւն եւ հնչեղութիւն ունեցած է: Զայն կը պատկերացնէի սեւ եւ ճերմակ նկարներուն ընդմէջէն, ուր կոկիկ ու գեղեցիկ հագած գրողները կային, պեխաւոր անձնաւորութիւններ: Այդ սեւ ու ճերմակ, այդ կորսուած աշխարհին մէջ մեծցած եմ ես, նոյնիսկ այս նիւթով ժապաւէն գրած էի, որ ծերունի մարդ մը կը վերադառնայ Պոլիս` իր մեծ հօր տպարանին տեղը գտնելու համար: Բայց անկարելի էր այդպիսի ժապաւէն նկարել, որովհետեւ շատ մեծ գումարներու կը կարօտէր հայկական հին տպարանները վերաստեղծելու համար: Ուստի նոյն գաղափարէն մեկնած` տպարանը վերածեցին ուտի, որ Միջին Արեւելքի իմ ամէնէն սիրած նուագարանս է, եւ երբ անոր ձայնը լսեմ, ուրիշ տեսակ հայրենատենչութիւն կը սկսի եռալ մէջս, բնականաբար տուտուկը, քանոնը շատ կը սիրեմ, անոնք հայկական երաժշտական իւրայատուկ արժէք կը ներկայացնեն, սակայն ուտը ուրիշ կախարդական ուժ ունի: Խորհրդանշական կերպով Միջին Արեւելքի մէջ ամէն երկիր  ուտի նկատմամբ իրեն յատուկ վերաբերումը ունի, յարգանքը ունի եւ երաժշտական յօրինումները ունի: Երաժշտութիւնը շատ բան կ’ըսէ ինծի, որովհետեւ անիկա մարդիկ իրարու կը կապէ. ես արաբերէն չեմ գիտեր,  սակայն երբ ուտի ընկերակցութեամբ արաբական երաժշտութիւնը հնչէ, չեմ կրնար չփշաքաղուիլ:

«2008-ին իմ առաջին ժապաւէնս` «Մթնշաղ»-ը մասնակցեցաւ շարժապատկերի տարբեր փառատօներու` Սան Սեպասթիան, Թորինօ եւ այլն, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի «Ոսկէ ծիրան»-ին, ուր չորս մրցանակի արժանացաւ` «Ոսկէ ծիրան» հայկական համայնապատկերին, էքիւմենիք դատական կազմի, վարչապետի եւ սփիւռքի նախարարութեան: Այն ատեն կային թուրք արուեստագէտներ եւ ծրագիր մշակողներ, որոնք շատ հաւնեցան ժապաւէնը: Մէկուկէս տարի ետք, երբ Լոնտոնի մէջ այլ աշխատանք կը տանէի, գիրք մը բեմագրութեան կը վերածէի, թուրք աղջկան մը կողմէ նամակ ստացայ, ան կ’ըսէր, որ հինգ բեմադրիչներ պիտի հրաւիրեն եւ կ’ուզեն, որ ես ալ հայոց ձայնի արտայայտիչը ըլլամ եւ Պոլսոյ, յիշողութեան մասին ժապաւէն մը պատրաստեմ` իբրեւ ընդհանուր խորագիր ունենալով «Մի՛ մոռնար զիս, Պոլի՛ս»:

«Բացէ ի բաց ըսի, որ նման ժապաւէն մը պատրաստելը կ’ենթադրէր ծայրէ ի ծայր Ցեղասպանութիւնը ներառել, որովհետեւ երբ կը խօսինք Պոլսոյ մասին, չենք կրնար զանց առնել այն իրականութիւնը, որ Պոլիսը մերն էր օր մը: Ան առաջարկեց կապ ստեղծել իմ եւ արտադրիչին միջեւ, սակայն գրեթէ վստահ էի, որ պիտի մերժուի ծրագիրս, որովհետեւ ես դէմ եմ Թուրքիոյ, մինչեւ չճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հատուցում չկատարէ: Բայց եւ այնպէս առաջարկս ընդունուեցաւ, արուեստի միջոցով քաղաքականութիւն ներկայացուցի: Արտադրիչը նամակ գրեց եւ յայտնեց, որ այդ տարի Եւրոպական Միութիւնը ընտրած է երեք քաղաք` իբրեւ եւրոպական մշակոյթի  մայրաքաղաք եւ այս առիթով բաւական մեծ գումար կը տրամադրէ տարբեր ծրագիրներու. այդ քաղաքներէն մէկը Պոլիսն էր, թէեւ Թուրքիան Եւրոպային մաս չի կազմեր, սակայն այս ծրագիրին մէջ ներառուած էր:

«Ես սրեցի հայկական ատամներս ու ականջներս, մտովին ըսի, թէ իրենք այս ծրագիրին մէջ զիս ներառած են, որպէսզի ըսեն, թէ սփիւռքահայու մը առիթ տուած են Պոլսոյ մէջ ժապաւէն նկարահանելու իր ժողովուրդին մասին, ուրեմն ինծի կը մնայ այդ ծրագիրով իմ թեզս յառաջ տանիլ: Պայման դրի, որ համաձայն կը գտնուիմ միայն այն պարագային, եթէ համաձայնագիրին մէջ գրուած ըլլայ, որ ժապաւէնս պիտի ցուցադրուի ճիշդ այնպէս, ինչպէս որ ես պատրաստած եմ, առանց որեւէ գրաքննութեան, իսկ անոր մէջ պիտի գործածուի ցեղասպանութիւն բառը, որ թրքերէնով պէտք է թարգմանել սոյքորում եւ ոչ թէ Մեծ եղեռն:

«Կազմակերպիչները իրենք զիրենք կը նկատէին ազատամիտ, ձախակողմեան, սակայն երբ այս հարցը դրի սեղանի վրայ, նոյնիսկ ամէնէն ծայրայեղական ձախակողմեանը վերապահ դարձաւ, սակայն ես անդրդուելի մնացի, որովհետեւ եթէ իրենք կ՛ուզեն հայերուն հետ թանկօ պարել, ուրեմն պէտք է նաեւ պատրաստ ըլլան ծեծ ուտելու, որովհետեւ տակաւին շատ բարդութիւններ կան, տակաւին շատ ժամանակ կ՛ուզեն իրենք, որպէսզի հասկնան մեր ցաւն ու Դատը, իսկ գլխաւորը այն էր, որ իրենք ոչ մէկ ձեւով առիթ ունենան չարաշահելու իմ աշխատանքս, հայրենասիրութիւնս եւ Դատիս կառչածութիւնը: Այս բոլորը կը նշանակէին, որ եթէ իրենք համաձայն պիտի ըլլան պայմաններուս, ուրեմն պատմութիւնը պիտի միանար մշակոյթին ու արուեստին, հարցը պիտի ըլլայ իմ եւ պետութեան միջեւ: Շատ զգուշ, քիչ մը վախցած մօտեցան հարցին, որովհետեւ նիւթական յատկացումին մէկ մասը պիտի կատարէր Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը: Սակայն ես ոչ մէկ զիջում ըրի` դիտել տալով, որ եթէ այս բոլոր պայմաններս ընդունին, այն ատեն թերեւս կը պատրաստեմ ժապաւէնը:  Իրենք լաւապէս գիտէին, որ եթէ հայ չըլլայ այս ծրագիրին մէջ, թերի բան մը պիտի ըլլայ», դիտել տուաւ Էրիկ Նազարեան:

Eric-Nazarian1_81716

Իբրեւ հայ, Թուրքիոյ մէջ նման ժապաւէն մը կեանքի կոչելու առումով, բնականաբար պէտք էր ըլլալ «զինուած»: Այդպէս ալ ըրած է Էրիկ Նազարեան: «Խոստովանիմ, որ այս ծրագիրին մօտեցայ բաւական բարդութաւորուած եւ ծայրայեղ կեցուածքով, շեշտեցի, որ ոչ մէկ զիջում պիտի ընեմ, նաեւ տարբեր առիթներով մեր դաժան պատմութիւնը բացայայտօրէն յիշեցուցի, ըսի, որ իրենց հայրերն ու մայրերը մեզ կոտորած են օրին, ուստի այդքան ալ պարզ չ՛ընկալուիր իրենց փորձը այսօր իրենց բերնին ձիթենիի ճիւղով մեզի մօտենալու: Հաստատեցի, որ եթէ իմ պայմաններս չընդունին, ես ոչ մէկ ձեւով իրենց խաղալիքը պիտի ըլլամ կամ իրենց քմահաճոյքին պիտի ենթարկուիմ: Իրենք ըսին, որ չեն ուզեր ինծի հետ հարց ունենալ, բայց պէտք է զգուշ ըլլալ, մինչեւ ժապաւէնը չաւարտի, պետութիւնը տեղեակ չըլլայ, որպէսզի չմիջամտէ եւ որոշ բաժիններ չվերցնէ: Համաձայնութիւն տուի, սակայն շեշտեցի, որ եթէ առանց իմ գիտակցութեանս գրաքննութիւն կատարուի, Եւրոպական դատարանին մէջ դատ պիտի բանամ, այն ատեն հարցը իմ եւ թրքական պետութեան միջեւ կ՛ըլլայ, որովհետեւ հեղինակային իրաւունքս ոտնահարուած կ՛ըլլայ: Խորքին մէջ, սակայն, ճիշդ համաձայնագիր պատրաստուեցաւ, փաստաբանս բաւական ուշադիր էր, արծիւի աչքեր ունի, սերտեց ամէն ինչ, եւ սկսանք գործի: Ժապաւէնի նկարահանման ընթացքին թուրք բազմաթիւ դերասաններ եկան, Սարա Եըլմազը, որ իրենց գլխաւոր դերասաններէն է, ըսաւ, որ մենք պէտք է Ցեղասպանութիւնը ճանչնանք եւ այլն: Ինք նաեւ այրիի դերը ստանձնած է ժապաւէնին մէջ: Ինծի համար կարեւոր էր, որ սփիւռքի հոգեբանութիւնը հասկնալի ըլլայ թուրքերուն, անոնց ըսել, թէ սփիւռք էութիւնը գոյութիւն չունէր մինչեւ 1915 թուական, այդ բառը չկար, թուրքերն են, որ ատիկա ստեղծեցին եւ պատճառ դարձան անոր: Եթէ արուեստով եւ գուրգուրանքով ապտակելու կարողութիւն ունիմ, ըստ ինծի, աւելի կարեւոր է, քան` մուրճով գլուխ կտրել ու մեր երեխաներուն ըսենք, որ յառաջիկայ հարիւր տարիներուն պէտք է ատեն թուրք երեխաները: Զգացի, որ այս պայքարը տարբեր ձեւով կարելի է տանիլ, մշակոյթի եւ ֆիլարուեստի ճամբով կարելի է եւս պայքար մղել եւ թերեւս աւելի մեծ նուաճումներ ընել եւ աւելի լայն հանրութեան հասնիլ: Ըսի օրին, որ եթէ այս ժապաւէնէն գոնէ մէկ թուրք հասկնայ, թէ ինչերո՛ւ ենթարկուած է հայ ժողովուրդը, ես իմ գործս ըրած կ՛ըլլամ:

Nazarian_81716

«Այդպէս եղաւ, հետաքրքրական էր այն, որ եկան թուրք բազմաթիւ դերասաններ, որոնք ծայրայեղ ձախակողմեան են, կ՛ատեն պետութիւնը, կ՛ատեն Աթաթուրքը, սակայն բնագիրը կարդալու ատեն հազիւ հասնէին ցեղասպանութիւն բառին, կանգ կ՛առնէին, կը խանգարուէին ու կը հրաժարէին դերէն: Ասիկա կ՛ըսեմ նշելու համար, որ պէտք է անձամբ տեսնես այս դէպքերը, ապրիս զանոնք, որպէսզի գիտնաս, թէ այսօր որքան ալ ըսեն, որ Թուրքիան փոխուած է, խորքին մէջ ատիկա խաբկանք է, որովհետեւ էութիւնը կը մնայ նոյնը, կարելի չէ փոխուիլ: Պատմեմ բան մը. աշխատանքի երկրորդ օրը ծանօթացայ թուրք բեմագիրի մը, որ ինծի հարցուց, թէ ի՛նչ կ՛ուզենք. ըսի` Ցեղասպանութեան ճանաչում, ներում հայցել եւ հատուցում տալ: Ինք ըսաւ, թէ հարիւր տոկոս համաձայն է, սակայն թուրքին բնութեան մէջ չկայ ներում հայցել, այդ պատճառով ալ թուրքը թշնամացաւ հայերուն, ասորիներուն, քիւրտերուն եւ բազմաթիւ այլ ազգերու հետ, որովհետեւ թուրքերը դպրոցին մէջ կը դաստիարակուին այնպէս, որ իրենց միակ ընկերը թուրքն է, մնացեալ բոլոր ազգի զաւակները թշնամի են: Ան ըսաւ, որ դժուար է այդ մտածողութենէն, այդ դաստիարակութենէն դուրս գալ:

Խօսելով «Պոլիս» ժապաւէնէն գոհ կամ դժգոհ ըլլալու իր մօտեցումին մասին` բեմադրիչը ըսաւ. «Եթէ բարձրագոյն նիշը 5 է, ասիկա 2,5 կ՛արժէ ինծի համար, թէեւ անոր ցուցադրութենէն ետք բաւական արձագանգ եղաւ, բազմաթիւ թուրքեր գրեցին եւ ներում հայցեցին ինձմէ գործուած Ցեղասպանութեան համար, ըսին, որ Պոլիսը նաեւ հայերուն քաղաքն է: Այլ խօսքով, նպատակին ծառայեց ժապաւէնը, այս իմաստով գոհ եմ, սակայն ժապաւէնի պատրաստութեան ընթացքին շատ դժուարութիւններ ունեցանք, բայց եւ այնպէս պէտք է ըսել, որ օրուան պայմանները, Թուրքիոյ մէջ այդ ժամանակ տիրող վիճակը իրենց ազդեցութիւնը ունեցան, որ մենք կարենանք նման ժապաւէն պատրաստել: Արդարեւ, Հրանդ Տինքի սպանութեան միայն երեք տարի անցած էր, տակաւին փողոցը տաքութիւն կար, քիւրտերուն հարցը քիչ մը հանդարտած էր. այսինքն, եթէ ուզենք այս տարի նման ժապաւէն պատրաստել, ատիկա անկարելի կ՛ըլլայ, ոչ ոք նիւթական կը յատկացնէր, ոչ ալ արտօնութիւն կը տրուէր նման բան նկարահանելու:

«Բայց եւ այնպէս ժապաւէնը նկարահանուեցաւ, ցուցադրուեցաւ եւ, բնականաբար, մեծ հարցերու դուռ բացաւ: Արտադրիչները դիտել տուին, որ համաձայնութիւն կայ, ուստի հարցը պէտք է լուծել ինծի հետ: Ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ նաեւ Անթալիոյ, Մալաթիոյ, Վանի մէջ: Այդ առումով գոհ էի, իսկ հիմա նաեւ հպարտ կը զգամ, որովհետեւ 5 օրուան մէջ կարողացայ բոլոր հայկական հին գերեզմանները, փողոցները, կառոյցները նկարել եւ 20 վայրկեան տեւող ժապաւէնին մէջ տեղաւորեցի: Փառք ու պատիւ աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ ժապաւէնը ցուցադրողներուն, կը հաւատամ, որ անիկա իր առաքելութիւնը կատարեց, այդ պատճառով ալ ես շատ գոհ ու ուրախ եմ, որ խրամատէն գէթ մէկ միլլիմեթր հեռացանք: Դժուար գործ էր, որովհետեւ չես կրնար մէկ ձեռքիդ զէնք, միւս ձեռքիդ լուսանկարչական գործ առած` արուեստի գործ պատրաստես պայքարելով: Պոլիսը շատ եւ տարօրինակ կերպով հարազատ թուեցաւ ինծի, կեանքիս մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեժա վիւ  ապրած եմ հոն, իսկապէս անհանգստացայ, ահաւոր մղձաւանջ էր, սակայն այս բոլորին արդիւնքը գոհացուցիչ էր», հաստատեց Էրիկ Նազարեան:

(Շար. 1)

 

 

Նախորդը

Ըստ Տիգրան Աբրահամեանի. Ազրպէյճանի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Զինուորական Ճամբով Տանելու Վտանգը Տակաւին Չէ Վերացած

Յաջորդը

Շոնայէ Միլըր Խորամանկութեամբ Ողիմպիականի Ախոյեան Հանդիսացաւ

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 15, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?