Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երիտասարդութեան Միջազգային Օրուան Առթիւ…

Օգոստոս 17, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

12 օգոստոսը Երիտասարութեան միջազգային օրն է: Այս տարի ՄԱԿ-ը այս օրը օգտագործած էր երիտասարդութեան մասնակցութիւնն ու ներգրաւուածութիւնը ամրագրելու ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման նպատակներու իրականացման մէջ: Ամբողջ աշխարհի մէջ բազմաթիւ ու զանազան նախաձեռնութիւններ կազմակերպուեցան, համացանցի եւ ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերու կարելիութիւնները օգտագործուեցան, հանդիպումներ, արշաւներ, հաւաքներ ու զանազան ծրագիրներ գործադրուեցան:

Ընկերութիւններուն մէջ երիտասարդութեան ունեցած դերին ու տեղին մասին քննարկումները ժամանակավրէպ դարձած են: Աշխարհը կը խօսի ո՛չ թէ երիտասարդութեան կարեւորութեան մասին, այլ` երիտասարդին ունեցած կարողութիւններն ու հնարաւորութիւնները լաւագոյնս օգտագործելու ձեւերուն եւ միջոցներուն: Աւելի՛ն. շուկայի տրամաբանութեամբ, երիտասարդութիւնը այնքան սկսած է մրցունակ դառնալ, որ գործի ասպարէզներու մէջ տարիքային խտրականութեան եւ մարդկային իրաւանց խախտումներու հարցեր սկսած են բարձրանալ:

Երիտասարութեան հետ կապուած ներկայի ու ապագայի միջեւ մասնատումներ կատարելը այդքան ալ գործնական չէ: Երիտասարդութիւնը իր այսօրուան ունեցած կարելիութիւններուն պատճառով շրջած է զանազան հասկացողութիւններ: Իսկ մենք տակաւին երիտասարդութեան կարեւորութիւնը գովերգելով զբաղած ենք: Կը հաստատենք, որ երիտասարդութիւնը մեր ներկան ու ապագան է, բայց այս հաստատումները կը մնան բեմերու վրայ, եւ մենք մեր հաւաքական կեանքին մէջ քիչ կը հանդիպինք խորքով ու ոգիով, որակեալ ու նպատակասլաց երիտասարդականացած եւ ժամանակակից ծրագիրներու: Ինչպէս` շարք մը երեւոյթներու մէջ, կեղեւով կը հետաքրքրուինք ու կորիզը կ՛անտեսենք:

Մեր կառոյցներուն մէջ երիտասարդ ներգրաւելը ՄՈՏԱՅԻՔ երեւոյթի վերածելէ աւելի` խորքային համոզում պէտք է դառնայ, եւ երիտասարդութեան տեղ ու առիթ տալը ո՛չ թէ լոկ ցուցադրութեան համար կատարուի, այլ նաեւ երիտասարդական մտքի ու ոգիի վերակենդանութեան ծառայէ: Քիչ չէ  թիւը այն կառոյցներուն, որոնք երիտասարդ տարրեր, գեղեցիկ գրասենակներ ու այլ հնարաւորութիւններ ունենալէ ետք կը շարունակեն հին ու մաշած, ժամանակավրէպ աշխատելաոճերով գործել: Երիտասարդականանալ` չի նշանակեր միայն արդիական գործիքներ, համացանցային հնարաւորութիւններ ու տարիքով երիտասարդ աշխատակիցներ ունենալ, այլ կ՛ենթադրէ` կարծրատիպերը յաղթահարել, մտածելակերպերը վերատեսութեան ենթարկել, յստակ ռազմավարութիւններ ճշդել, առարկայական մօտեցում ցուցաբերել, տեղայնական ու նեղ հորիզոններէ խուսափիլ եւ լայն ու համամարդկային-համաշխարհային մտասեւեռումներ ունենալ:

Շարք մը կառոյցներու մէջ, ըլլան անոնք կամաւոր թէ վճարովի, երիտասարդ տարր ունենալու պատրուակին տակ պաշտօններ կը տրամադրուին անբան, երբեմն անուս կամ ոչ մասնագէտ, չարամիտ ու խորամանկ երիտասարդներու, որոնք կը ժառանգեն ու կը կրեն հինէն արմատաւորուած ձրիակերութեան, աթոռապաշտութեան, պնակլեզութեան, կոյր կամակատարութեան ու շահամոլութեան զզուելի ախտերը: Միւս կողմէ` ընդունելու ենք նաեւ, որ սփիւռքեան կառոյցներուն կամաւոր եւ կամ վճարովի աշխատանքները օրէ օր կը կորսնցնեն իրենց հմայքը եւ չեն բաւարարեր այսօրուան ժամանակակից ու պահանջուած տուեալներով օժտուած երիտասարդին բազմապիսի (ներառեալ նիւթական) պահանջները: Այս երեւոյթներուն պատճառները բազմաթիւ են, սակայն կարելի է յաղթահարել զանոնք, երբ մասնագիտական մօտեցում կը ցուցաբերուի, նշեալ կառոյցներուն մէջ հաստատութենականութեան հիմքերը կ՛ամրապնդուին, եւ բոլորին արդար, հաւասար ու արժանավայել հնարաւորութիւններ կը տրամադրուին:

Այս ծիրին մէջ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը եւ սփիւռքեան երիտասարդական միութիւններն ու հաստատութիւնները, բաղդատած հայաստանաբնակ երիտասարդութեան ու կառոյցներուն, նուազ ներգրաւուած են միջազգային ծրագիրներու եւ աշխատանքներու մէջ: Միայն ՄԱԿ-ի մէջ տասնեակ ծրագիրներ կան, որոնք մեր երիտասարդութեան առջեւ նոր հորիզոններ կը բանան, յարաբերութիւններ մշակելու, նորարարութիւններու ծանօթանալու եւ համաշխարհային բեմերու վրայ մեր ազգային խնդիրները արծարծելու առիթներ կը ստեղծեն: Կ՛արժէ լուրջ աշխատանք տանիլ` սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը համակարգուած ձեւով միջազգային երիտասարդական անցուդարձերուն մէջ ներգրաւելու:  Լաւ է ուշ, քան երբեք:

Իրենք զիրենք երիտասարդ նկատող եւ 21-րդ դարու երիտասարդին պատասխանատւութիւններուն տէր բոլոր երիտասարդներուն օրը շնորհաւոր:

Վիեննա, 12 օգոստոս 2016

 

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Ծրագիրները Կը Խթանեն Հայաստանի Մէջ Գիւղատնտեսական Համագործակցականներու Զարգացումը

Յաջորդը

Ըստ Տիգրան Աբրահամեանի. Ազրպէյճանի Կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Խնդիրը Զինուորական Ճամբով Տանելու Վտանգը Տակաւին Չէ Վերացած

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?