ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Վերջերս մամուլին մէջ լոյս տեսաւ երիտասարդ պատմաբան եւ գիտաշխատող Վարագ Գեթսեմանեանի «Արխիւային ռազմավարութիւն» խորագիրով յօդուածը, որ կը սկսի «Դաշնակցութեան արխիւները բա՞ց են, թէ՞ փակ, հասանելի՞ են, թէ՞ ոչ» հարցադրումով: Ան կը շարունակէ` ըսելով. «Ահա հարց մը, որ յաճախ օրակարգի վրայ է մանաւանդ ակադեմական շրջանակներու հաւաքներու, քննարկումներու եւ գիտաժողովներու ընթացքին»:
Նոյն այդ շրջանակներէն ներս այս հարցին օրակարգի վրայ ըլլալէն տեղեակ եղած եմ, մանաւանդ այն տարիներուն, երբ անձնապէս իբրեւ պատասխանատու առնչուած եմ ՀՅԴ արխիւին:
Անմիջապէս պէտք է հաստատեմ, որ ՀՅԴ արխիւի «փակ» կամ «բաց» ըլլալը սեւ ու ճերմակ չէ եւ սկզբունքային խնդիր չկայ զայն «փակ» պահելու համար: Հետեւեալ իմաստով.
Առաջին. անձնապէս գիտեմ, որ 1970-ականներէն ի վեր իրենց ուսումնասիրութիւններուն համար մեր արխիւներէն օգտուած են բազմաթիւ ակադեմականներ կամ գիտաշխատողներ, հայ եւ օտար, սփիւռքէն եւ Հայաստանէն: 2008-ին, երբ արխիւի գործով պատասխանատուութիւն տրուեցաւ ինծի, պէտք էր առաջնահերթութեան կարգով լծուիլ արխիւներու թուայնացման աշխատանքին: Հետեւաբար այս «խոհանոցային» աշխատանքին պատճառով առժամաբար տրամադրելի չէին արխիւները: Նոյն այս ժամանակաշրջանին բազմաթիւ ակադեմականներ կամ գիտաշխատողներ դիմում ըրած էին մեր ախիւները ուսումնասիրելու համար, սակայն ստացած էին այս պատասխանը:
Երկրորդ. ՀՅԴ արխիւները սկսած են հրատարակուելու տակաւին 1934 թուականին, «Հայրենիք» ամսագրին մէջ: Այս արխիւային նիւթերը հետագային լոյս տեսան նաեւ առանձին 2 հատորներով` «Դիւան ՀՅ Դաշնակցութեան» անունին տակ, 1934-ին եւ 1938-ին: Արխիւային նիւթեր հրատարակուած են նաեւ ՀՅԴ օրկան «Դրօշակ»-ի, ինչպէս նաեւ Սիմոն Վրացեանի խմբագրած «Վէմ» հանդէսին մէջ (վերջինիս պարագային` դարձեալ 1930-ական թուականներուն):
Երրորդ. 1968-էն ետք սկսան հրատարակուելու արխիւային նիւթեր ՀՅԴ օրկան «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի մէջ, որոնք հետագային սկսան լոյս տեսնելու առանձին շարքով, Հրաչ Տասնապետեանի խմբագրութեամբ եւ «Նիւթեր ՀՅ Դաշնակցութեան պատմութեան համար» անունով: Հետագային (եւ մինչեւ այսօր) այս աշխատանքը շարունակուեցաւ Երուանդ Փամպուքեանի խմբագրութեամբ, եւ ցարդ լոյս տեսած են շուրջ տասնեակ մը հատորներ (12 հատոր-Խմբ.):
Այս հատորները կ՛ընդգրկեն զանազան նամակներ, Ընդհանուր ժողովներու ատենագրութիւններ, նոյն այս ժողովներուն առնչուած նամակներ, որոշումներ, տեղեկագիրներ: Ընդհանուր առմամբ, այս հրատարակութիւններու ներքին տրամաբանութիւնը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ Ընդհանուր ժողովներն են, որոնք վճռած են Դաշնակցութեան ռազմավարական առաջնահերթութիւնները եւ հիմնական որոշումները: Իսկ շրջաններէն այս ժողովներուն ներկայացուած տեղեկագիրները կը պարունակեն հարուստ նիւթեր թէ՛ Երկրի կացութեան եւ թէ՛ սփիւռքի զանազան վայրերու մասին: Հոն կան թուական պատկերներ, ժողովրդագրական տուեալներ եւ այլն: Օրինակի համար, 1911-ի Ընդհանուր ժողովին Տիգրանակերտի Կեդրոնական կոմիտէի յղած տեղեկագիրին մէջ կը նշուի, որ տեղւոյն Ս. Կիրակոս դպրոցը (կապուած` նոյնանուն եկեղեցիին) ունեցած է շուրջ 800 աշակերտ` 25 ուսուցիչներով:
Միաժամանակ, սակայն, անձամբ կրնամ վկայել, որ ՀՅԴ արխիւի «փակ» ըլլալէն հրապարակաւ դժգոհութիւն յայտնած մէկէ աւելի ակադեմականներ… լուր իսկ չեն ունեցած, թէ նման նիւթեր կան հրատարակուած: Սա եւս իրականութիւն է, որ յօդուածագիր ընկերս եւս կ՛ընդգծէ:
Այս բոլորով հանդերձ, փաստ է, որ տեղ մը, օր մը ՀՅԴ համապատասխան մարմինները կամ ժողովները պէտք է համապատասխան լուծում տան արխիւը ակադեմական ուսումնասիրութիւններու տրամադրելի դարձնելու խնդիրին: Այս մէկը կ՛ենթադրէ մարդուժի եւ համապատասխան միջոցներու խնդիր:
Յօդուածագիր ընկերս ինք եւս կը հաստատէ, որ` «թրքական ժխտողական մեքենային դէմ պայքարը լոկ արխիւներու մատչելիութեամբ կամ հասանելիութեամբ չի սահմանափակուիր… այստեղ պայքարը կը կայանայ թրքական պետութեան հսկայական ֆինանսական եւ մարդուժի «ռեսուրսներ» կամ միջոցներ որդեգրելու հնարաւորութեան, եւ` կուսակցութեան մը, որ հայութեան ներկայ մարտահրաւէրներուն առկայութեան դիմաց պէտք է որոշէ ձեռք բերուած ռեսուրսներու բաշխման ձեւաչափերն ու առաջնահերթութիւնները»:
Վարագ Գեթսեմանեան ապա դիտել կու տայ, որ ՀՅԴ արխիւը ուսումնասիրել ուզող շարք մը պատմաբաններ ոչ միայն լուր չունին նշեալ հատորներու հրատարակման փաստէն, «այլ հայերէնին անգամ չեն տիրապետեր: Թէ արտօնութեան պարագային ինչպէ՛ս պիտի կատարէին այս աշխատանքը, յօդուածագիրիս համար ցարդ կը մնայ անհասկնալի»: Մեր կողմէ` աւելցնենք նաեւ… ձեռագիրներու ընթեռնլիութեան հարցը: Օրինակի համար, Նժդեհի, կամ Քրիստափոր Միքայէլեանի ձեռագիրները կարդալու ոչ մէկ դժուարութիւն կայ, մինչդեռ Աւետիս Ահարոնեանի ձեռագիրը կարդալը անկարելի է… առանց սուրճի գաւաթի նայողի օժանդակութեան…
Հետեւաբար, կ՛առաջարկէ ան, արխիւային նիւթերու հատորները «պէտք է շտապ թարգմանել, առաջին հերթին` անգլերէնի»: Ան նաեւ կ՛աւելցնէ, որ սփիւռքի մէջ կան այս գործին ատակ մասնագէտներ:
Մեր հայեցողութեամբ, հոս խնդիր կայ պատմաբանական առումով եւ հետեւեալ իմաստով: Կարելի չէ Չինաստանի պատմութիւնը ուսումնասիրել առանց չինարէնի իմացութեան (չափազանցուած օրինակ մը կու տանք պարզապէս մեր միտքը դիւրաւ բացատրելու նպատակով): Կարելի չէ, օրինակի համար, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւնները ուսումնասիրել առանց ռուսերէնի իմացութեան, չհաշուած` գերմաներէնը, անգլերէնն ու ֆրանսերէնը, որովհետեւ այս նիւթին սերտօրէն առնչուած դիւանագիտական արխիւային նիւթեր կան նաե՛ւ այդ լեզուներով:
Այսինքն, թարգմանական աշխատանքի լծուիլ հայկական նորագոյն պատմութիւնը ուսումնասիրողներու համար, որոնք ոչ միայն հայերէն չեն գիտեր, այլ լուր իսկ չունին ցարդ հրատարակուած արխիւային նիւթերու հսկայական քանակէն, կը նշանակէ տկարացնել թարգմանական աշխատանքի հիմնաւորումը:
Յօդուածագիրը կը թուէ նաեւ նման թարգմանական աշխատանքի մը օգտակարութիւնները, որոնց տարակարծիք չենք:
Սակայն հիմնական լուծում պէտք է տրուի նախ արխիւը տրամադրելի դարձնելու խնդիրին, որովհետեւ ատիկա ունի ոչ միայն պատմաբանական, այլեւ առաջին հերթին` քաղաքակա՛ն երես: Արխիւի «տէրը» (այս պարագային ՀՅ Դաշնակցութիւնը) ի՛նք կ՛որոշէ զայն տրամադրելի դարձնելու ընթացակարգը` իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որոնք բազմաշերտ են:
Ըստ մեր հայեցողութեան, ամէն բանէ առաջ ա՛յս է, որ պէտք է ճշդուի, եւ այդ պահը հասունցած պէտք է նկատել` աչքի առջեւ ունենալով աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու արագ ընթացքը: Մնացեալը, թարգմանութեան խնդիրը, պէտք է դիտարկել զուտ թեքնիք իմաստով:
11 օգոստոս 2016
Լոս Անճելըս