
Երեւանի մէջ զինեալ գործողութիւններով հարցեր լուծելու փորձութիւնը յաղթահարուեցաւ: Ու թէեւ սրտի խոր կսկիծով ականատես դարձանք իրենց հայրենակիցներուն գնդակներով զոհուած հայորդիներու, այնուհետեւ հայ մտաւորականներու թէ կազմակերպութիւններու կողմէ հնչած զսպուածութեան կոչերը արձագանգ գտան, ու ազգային անվտանգութեան, ոստիկանութեան եւ պետական պահպանութեան ծառայութեան ուժերը իրենց հակակշիռին տակ առին կացութիւնը:
Դէպքերը ցոյց տուին, որ հայաստանեան հասարակութենէն ներս առկայ է պետական համակարգին նկատմամբ դժգոհութեան ալիք մը, որուն ի տես` անհրաժեշտ է երկրէն ներս արմատական արագընթաց փոփոխութիւններու ծաւալումը:
Ու թէեւ ցոյցի օրերուն տեղի ունեցան օրէնքի խախտումներ, պետութեան հիմքերը վտանգող երեւոյթներու դրսեւորումներ, եւ ցուցարարներ թէ ոստիկաններ բողոքներու շիկացած մթնոլորտին մէջ ջղագրգիռ դառնալով` մերթ ընդ մերթ աններելի սխալներ թոյլ տուին, այնուամենայնիւ ցուցարար զանգուածներուն զսպուածութեան կողմնակից ըլլալու տրամաբանութիւնը եւ պետական մարմիններու կողմէ կացութեան հակակշռումը կասեցուցին դէպքերու բացասական զարգացման հաւանականութիւնները:
Բռնութիւնը կը յառաջացնէ ատելութիւն, փոխադարձ վստահութեան անկում ու իբրեւ այդպիսին` ոչ մէկ ձեւով կը նպաստէ քաղաքական թէ ընկերային հարցերու լուծման, ընդհակառակը, պարարտ հող կը ստեղծէ օրինազանցութեան ու քաղաքական ներքին հարցերուն լուծման առաջնորդող իրատեսական ուղիներու որոնման փոխարէն` հայրենիքի ու պետութեան անվտանգութիւնը կը խախտէ:
Ընդվզումի նման երեւոյթներ մենք տեսանք Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ, որոնք սակայն շինիչ ոչ մէկ անդրադարձ ունեցան տուեալ երկիրներուն վրայ, ընդհակառակը. անոնք դռները լայն բացին արտաքին միջամտութիւններուն դիմաց` քայքայելով այդ երկիրները:
Սուրիոյ մէջ ծայր առած գործողութիւնները անցնող 5 տարիներու ընթացքին փաստեցին, թէ ինչպէ՛ս երկրի բարօրութեան ու ժողովրդավարութեան հաստատման համար արդար պահանջներով ցոյցերու դիմած քաղաքացիներու ընդվզումը օգտագործուեցաւ, շահագործուեցաւ ու պատճառ դարձաւ երկրի քայքայման: Ժողովրդային լայն խաւերու գիտակցութիւնը, սակայն, երկրի պետական համակարգը պահպանեց քայքայումէ: Սուրիահայութիւնը տագնապի առաջին իսկ օրերէն յստակ բանաձեւումով արտայայտեց իր մօտեցումն ու ջատագովը հանդիսանալով երկրէն ներս բարեկարգումներու իրականացման եւ ժողովրդավարական համակարգի հաստատման` հաւատաց, որ տագնապը կը լուծուի միայն սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու շահերու պաշտպանութիւնը երաշխաւորող խաղաղ կարգաւորման գործընթացով: Իր այս կեցուածքը սուրիահայութիւնը արտայայտեց գործնականապէս, երբ համախմբուեցաւ հայկական շահերու հովանիին տակ ու իր նուիրեալները գործուղեց համայնքի պաշտպանութեան ու ծառայութեան աշխատանքին:
Նոյն պատուաբեր կեցուածքը որդեգրեց լիբանանահայութիւնը` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն:
Ահա թէ ի՛նչ նկատառումներով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը իր վերջին ելոյթին մէջ կը յիշէր Հալէպն ու Լիբանանը, երբ կ՛ըսէր.
«Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ: Նախորդ դարաշրջանի Սառը պատերազմի տարիներու լուծումները թող ոչ ոք փորձէ Մերձաւոր Արեւելքէն ներմուծել Հայաստան: Թող սա չհասկացողները ուսումնասիրեն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատմութիւնը կամ այսօր դեռ ծաւալող Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքները եւ իրենց եզրակացութիւնները կատարեն անոնց վրայ հիմնուելով»:
Միտք բանին. մեր հայրենիքը կանգնած է լուրջ մարտահրաւէրներու դիմաց: Հայրենի հասարակութիւնը կը պահանջէ ընկերային արդարութիւն եւ տնտեսական այնպիսի բարօրութիւն, որ անմիջական անդրադարձը ունենայ իր առօրեայ կեանքին վրայ ու կասեցնէ յուսալքումի ենթարկուելով գաղթի ճամբան բռնող իր հայրենակիցներու հոսքը:
Արմատական երեւելի բարեփոխումները միայն պիտի չէզոքացնեն մեր հայրենիքին ուղղուած վտանգն ու ամրագրեն պետութիւն-հասարակութիւն փոխադարձ վստահութիւնը:
Հայաստանի հասարակութիւնը եւս լուրջ պարտաւորութիւններ ունի այս ուղղութեամբ` զգացական պոռթկումներէ զերծ մնալու, կառուցողական առաջարկներով ներքին հարցերու լուծման առաջնորդող մթնոլորտ ստեղծելու համար:
Մենք խաղաղարար ժողովուրդ ենք ու յաղթահարած ենք բազմաթիւ փորձութիւններ: Այս փորձութիւնը եւս պիտի յաղթահարենք` ապաւինելով քաղաքական գործընթացներու, ոչ թէ բռնութեան: Ուրեմն շարունակենք պահանջել` ապաւինելով սահմանադրութեան եւ օրէնքին:
«Գ.»
«Գանձասար»


