ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հեռու երկիր մը պիտի ճամբորդէք, ուր կը գտնուին բարեկամներ եւ ազգականներ. անոնց հետ շատ հաճելի օրեր պիտի անցընէք եւ նոր բարեկամներ պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ընտանիքին մէջ որոշում մը պիտի տրուի: Դուք առանձին չէք ծրագիրը յառաջացնելու համար: Ընտանիքին միւս անդամներուն հետ խորհրդակցաբար որոշում տուէք, որպէսզի սխալ ճամբայ չելլէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր լայնախոհութիւնը ձեր շրջապատէն շատ պիտի գնահատուի: Ձեր շուրջինները ձեր խորհուրդներուն եւ խրատներուն պէտք ունին: Օգնեցէք անոնց:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործերուն յաջողութեան համար շատ լաւ միջոցներու կը դիմէք: Ուրիշներու նախանձը պիտի արթնցնէք: Անոնք ձեր օրինակին հետեւիլ պիտի ուզեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մարզանքը մի՛ անտեսէք: Ձեր առողջութեան եւ մարմնին բարելաւման համար մարզանքներ պէտք է կատարէք, որպէսզի աւելի աշխուժ ըլլաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շուրջ անարդարութիւններ տեղի կ՛ունենան, որոնք սրբագրելը շատ դժուար չէ: Դուք կրնաք ցուցմունքներ տալ եւ արդարութիւնը երեւան բերել: Հարցը պէտք չէ բարդացնել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Երկար բաժանումէ մը ետք ձեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն պիտի միանաք եւ ձեր մանկութեան օրերուն մասին պիտի խօսիք: Շատ գեղեցիկ յիշատակներ պիտի յայտնաբերէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Քիչ մը մոռցէք ձեր գործերը եւ ձեր հանգիստի մասին մտածեցէք: Քանի մը օրուան արձակուրդը շատ մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ ձեր վրայ, որմէ ետք սիրով պիտի վերսկսիք ձեր գործին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր աստղը կը փայլի երկինքին վրայ, եւ հաճելի անակնկալներ պիտի ունենաք: Ո՛չ մէկ բան կրնայ արգելք հանդիսանալ: Վայելեցէք ներկան:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ խստապահանջ էք ձեր անձին հանդէպ: Չափազանցութիւնը լաւ բան մը չէ: Երիտասարդութիւնը շուտ կ՛անցնի: Դուք ձեզի վայելքներ արտօնեցէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ծրագիրներ կը մշակէք, որոնք շատ շահաբեր պիտի ըլլան: Կարեւորը սկսիլն ու շարունակելն է: Մի՛ տկարանաք, շատ քիչ ժամանակէն յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սորվելու մեծ փափաք ունիք եւ այլազան բաներով կը հետաքրքրուիք, ինչ որ ձեզի ինքնազարգացում կը պարգեւէ. նաեւ` ձեր գիտցածը ուրիշին փոխանցել կ՛ուզէք:
