Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Սպասելով Մոսկուայի Մէջ Այսօրուան Դժուար Հանդիպումի Արդիւնքին

August 10, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 

Vaho-(1)_80916Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այսօր կը մեկնի Մոսկուա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հանդիպումը կարելի չէ անջատել անցնող երկու օրերուն ընթացքին Փութինի` Պաքուի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ունեցած նշանակալից հանդիպումներէն` նկատի ունենալով, որ առաջինը Ազրպէյճանի նախագահին հետ էր, իսկ երկրորդը` Թուրքիոյ, այլ խօսքով` հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական թղթածրարներու տեսանկիւնէն դիտուած, անոնք չեն կրնար առնչակից չըլլալ այսօրուան հանդիպումին, որ պսակումը պիտի ըլլայ Փութինի իրերայաջորդ հանդիպումներուն:

Պաքուի մէջ Ռուսիոյ, Իրանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն եռակողմ հանդիպումին մասնակից կողմերը ընդգծեցին շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող տագնապներուն շուտափոյթ լուծումին կարեւորութիւնը: Փութին Ալիեւի հետ իր երկկողմանի հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը պիտի ձգտի «հասնելու այն բանին, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը (ղարաբաղեան հիմնախնդիրին) գտնեն այնպիսի լուծում մը, որ պիտի ըլլայ փոխզիջումային, սակայն երկուստեք ընդունելի, որպէսզի այստեղ չըլլան յաղթողներ, այլ յաղթեն երկու երկիրներու ժողովուրդները, եւ երկու պետութիւնները զգան, որ իրենք այդ բարդ խնդիրը լուծեցին ի շահ այսօրուան եւ ապագայի սերունդներուն»: Աւելի՛ն. Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին կը յայտնէր, որ Ազրպէյճան Ռուսիայէն պիտի գնէ օդանաւեր եւ Պաքուի մէջ պիտի բացուի օդանաւերու կազմութեան գործարան: Իսկ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի Ալիեւի հետ հանդիպումին կը յայտնէր, որ իր երկիրը կը պաշտպանէ Ազրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած քայլերը, մինչ այդ ստորագրելով վեց փաստաթուղթեր, որոնց շարքին` Հիւսիս-հարաւ փոխադրամիջոցներու բնականաբար Հայաստանը շրջանցող միջանցքի իրականացման մտադրութիւններու արձանագրութիւնը:

Գլուխ-գործոցը եւ Հայաստանի համար ամէնէն վնասակարը երէկուան Էրտողան-Փութին հանդիպումին ընթացքին գոյացած Ռուսիա-Թուրքիա-Ազրպէյճան եռեակի «ազդեցութիւնը» աւելցնելու, իմա՛` եռակողմ առանցքի մը ստեղծման համաձայնութիւնն էր: Պատահական չէր, որ Էրտողան հանդիպումէն առաջ յայտարարեց. «Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ շրջանի խնդիրներուն լուծման համար»: Անշուշտ հասկնալի է, որ «շրջանի խնդիրներ» ըսելով ան այլ խնդիրներու կողքին նկատի ունէր նաեւ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը:

Ահա Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին համար անբարենպաստ այս պայմաններուն մէջ է, որ Ռուսիա-Թուրքիա-Ազրպէյճան եռանկիւն օղակին կեդրոնը յայտնուած Հայաստանի նախագահը այսօր հանդիպում պիտի ունենայ Պաքուի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ իր գոյացուցած համաձայնութիւններով զինուած Փութինի հետ:

Անկասկած, Քրեմլինի մէջ նախագահ Սարգսեանին կը սպասէ դժուար հանդիպում մը, որուն ընթացքին ան պիտի ենթարկուի հսկայական ճնշումի: Խիստ պաշարումի տակ յայտնուած մեր հայրենիքին նախագահը արդեօք որքանո՛վ պիտի յաջողի խուսանաւել եւ իր, իր երկրին ու իր ժողովուրդին օձիքը ազատելով Մոսկուայէն պրծիլ եւ հասնիլ Երեւան: Մեզի յայտնի չէ, թէ նախագահ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ իր ունենալիք դիւանագիտական «ճակատում»-ին համար, մանաւանդ անցնող երկու օրերու արագ զարգացումներուն լոյսին տակ, ինչպիսի՛ զէնքեր պատրաստած է, սակայն հաւանական է, որ հայկական դաշտին մէջ ստեղծուած տարածքներու յանձնումին դէմ շարժումը պիտի ըլլայ Մոսկուայի մէջ ռուսական արջի շղթայազերծելիք յարձակումներէն պաշտպանուելու զէնքերէն մէկը:

 

 

Նախորդը

Սուրիական Բանակը Վերականգնեց Արեւելեան Հալէպի Պաշարման Օղակը. ՄԱԿ Հալէպի Մարտերուն Անյապաղ Դադար Կը Պահանջէ` Մարդասիրական Գործողութիւն Կատարելու Համար

Յաջորդը

Էրտողան Եւ Փութին Հանդիպումին` Ռուսիա-Թուրքիա-Ազրպէյճան Եռեակի «Ազդուութիւնը» Աւելցնելու Համաձայնութիւն

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.