ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
Մարդիկ շատ շատ պատճառներ ունին Թովմաս առաքեալի նման վերաբերելու նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին ելոյթին: Ներառեալ` այս յօդուածագիրը: Պարոն նախագահը ինք եւս պէտք է լիովին ու ճշգրիտ ձեւով ըմբռնէ այս թերահաւատութեան պատճառները եւ գործէ ըստ այնմ: Խօսքերով բաւարարուելու ժամանակը շատոնց անցած է:
Երկար գրուած է Հայաստանի ներկայ քաղաքական կառավարման համակարգի թերութիւններուն մասին: Զայն սրբագրելու օրինական ենթահողը ստեղծուած է արդէն` սահմանադրական բարեփոխումներով: Բայց այդ մէկը բաւարար չէ, յատկապէս` ներկայ «անցումային» փուլին եւ տագնապալի օրերուն:
Ապրիլեան պատերազմը ճակատագրական «լիթմըս» (կամ` «լակմուս», ինչպէս կ՛ըսեն Հայաստանի մէջ) ստուգումը հանդիսացաւ թէ՛ մեր ժողովուրդին եւ թէ այս համակարգին համար:
Ժողովրդային մակարդակի վրայ հայութիւնը յաջողութեամբ անցուց այս քննութիւնը` փայլուն գնահատականներով, ստանալով A+, կամ` 5: Ան ցուցաբերեց միասնակամութեան եւ մարտունակութեան այնպիսի զուլալ մակարդակ մը, որուն կրնար նախանձիլ որեւէ այլ ժողովուրդ կամ պետութիւն: Այս մասին մեր նախորդ յօդուածներէն մէկուն մէջ ըսած էինք, որ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ի՛նք պէտք է արժանի բարձրութեան վրայ գտնուի այս ժողովուրդը կառավարելու համար. իսկ սփիւռքը, իր կարգին, պարտի պատասխանատուութեան իր բաժինը վերցնել:
Ինչ կը վերաբերի համակարգին, արդարօրէն ունէինք այն յոյսը, որ այլեւս հասած է խորքային բարեկարգումներու պահը, որ` պիտի առնուին լուրջ քայլեր` չարաշահումներու առաջքը առնելու, ատոնց հեղինակները պատասխանատուութեան կանչելու, տնտեսութեան բնագաւառէն ներս մենաշնորհային բռնատիրութեան վերջ տալով արդար համակարգ մը ստեղծելու ուղղութեամբ: Կ՛ակնկալէինք մանաւանդ, որ երկրի ապահովութեան բնագաւառէն ներս կ՛առնուին այնպիսի քայլեր, որոնք լիովին համահունչ կ՛ըլլան բանակի՛ տրամաբանութեան, պատասխանատուութիւնները ըստ այնմ «արժեւորելու» իմաստով… Գիտէք, քաղաքային ու քաղաքական կեանքը ունի իր տրամաբանութիւնը եւ կանոնները, իսկ բանակը` ի՛րը: Այս յօդուածագիրին համոզումով, յետ «լիթմըսեան» ստուգումին, համակարգին ստացած գնահատականը մնաց F-ի մակարդակին վրայ (Failed, ձախողած, կամ` 2…) ու այդպէս ալ մնաց… պատերազմին յաջորդած ամիսներուն, որովհետեւ պաշտպանական համակարգէն ներս կատարուած անձնակազմային փոփոխութիւնները, անհրաժեշտ ըլլալով հանդերձ, բաւարար չէին: Իսկ ահագնացող չափերու հասած չարաշահումներու պարագային, հարցերու լուծումը ընթացիկի սահմանէն անդին չանցաւ` լաւագոյն պարագային:
Միւս կողմէ, գաղտնիք չէ նաեւ արտաքին գործօնի պարագան: Այսինքն, ժողովրդային արդար դժգոհութեան այս պարարտ հողին վրայ, բնականաբար արտաքին ուժեր պիտի փորձէին իրենց համար նպաստաւոր կացութիւններ ստեղծել Հայաստանի մէջ: Եւ այդ փորձը եղաւ: Ոչ ոք թող չփորձէ հակառակը պնդել: Այնպէս որ, ջայլամի քաղաքականութիւնը երբեք օգտակար չէ, ըլլա՛յ ներքին դժգոհութիւններու խորքային պատճառները սրբագրելու, ըլլա՛յ արտաքին միջամտութիւններու վտանգին առաջքը առնելու զոյգ իմաստներով:
Այնպէս որ, ներկայ դրութեամբ, ազգովին կը գտնուինք հիմնական քայլեր առնելու անհրաժեշտութեան դիմաց: Այս քայլերը երբեմն կրնան «ցաւագին» ըլլալ տիրող բազմիշխանութեան (Oligarchy) համար, այն իմաստով, որ այդ խաւը կրնայ զրկուիլ իր տնտեսական մենաշնորհներու շահագործումով երկրի քաղաքական կեանքին վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու փորձութենէն: Եթէ Մ. Նահանգներու մէջ նոյն այս խաւը (այսինքն` ամերիկեան «օլիկարքին») կրնայ սանձարձակ շարունակել իր ընթացքը, Հայաստանի մէջ այդ օրերը ժամ առաջ պէտք է վերջ գտնեն: Ամերիկան թերեւս կրնայ դիմանալ, Հայաստանը` ոչ:
Բայց կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ: «Ազգովին»-ը չենք կրնար իր վերացական իմաստով առնել, որովհետեւ ատոր մէջ կը մտնէ իւրաքանչիւր հայ անհատ` նախագահէն մինչեւ ամէնէն համեստ բանուորը: Առաջին հերթին, հոս կայ յստակ դերակատար, որ կը գտնուի այս պարտադրանքին դիմաց: Այդ դերակատարը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահն է, որ ներկայ դրուածքով, ունի իրաւասութիւններու լայն ծիր: Ան կրնայ եւ պէ՛տք է անկիւնադարձ մը ստեղծէ երկրի կառավարման բոլոր բնագաւառներէն ներս: Այն աստիճան, որ սովորական քաղաքացին իր մորթին վրայ զգայ այդ դրական անկիւնադարձը:
Այդ անկիւնադարձը կարելի է ստեղծել` ցարդ կատարուած թերացումներուն հեղինակները պատասխանատուութեան կանչելով, այդ թերացումները սրբագրելու գործնական ընթացք ստեղծելով, օրէնքի գերիշխանութիւնը համատարած դարձնելով եւ մանաւանդ` մեր ժողովուրդին մէջ կուտակուած դրականօրէն ահռելի ներուժը օգտագործելով: Այնպէս որ, նախագահին վերջին ելոյթը պէտք է համարել պարտադրանք` առաջին հերթին իր ուսերուն:
Դարձեալ կ՛ուզենք ճիշդ հասկցուիլ: Այս վերլուծումներու փորձին մէջ այս յօդուածագիրին համակրանքը (մանաւանդ` իբրեւ դաշնակցականի) միմիայն մէկ հասցէ ունի` Հայաստանն ու հայութիւնը:
Կ՛ուզենք տեսնել «Ճամբու քարտէս» մը, որ մեզ առաջնորդէ դէպի նոր հանրապետութեան մը ծնունդը: «Հինը» կոտրեցաւ: Հիմա այդ «նորին» ծնունդին երկունքի ցաւերուն մէջն ենք: Եւ այս երկունքին մէջ դերակատարութիւն կը սպասուի նաեւ քաղաքական ուժերէն, մեծ կամ փոքր, խորհրդարանէն ներս թէ դուրս, գործադիր իշխանութենէն ներս, կամ անկէ դուրս: Եթէ չունին, հիմա պահն է, որ ունենան: Իսկ եթէ ունին, պահն է, որ այդ դերակատարութեան մակարդակը բարձրանայ, միշտ համահունչ` պահի լրջութեան:
Չկարծենք, որ ոստիկանական կեդրոնը գրաւած զինեալներու յանձնուելով` հարցերը լուծուեցան: Այդ ձեւով պարզապէս առաջքը առնուեցաւ յաւելեալ արիւնահեղութեան: Եւ ասոր մէջ դրական պէտք է համարել երկուստեք ցուցաբերուած առողջ բնազդն ու բանականութիւնը:
Նոյն այս բանականութիւնը եւ ժողովրդային առողջ բնազդն են միայն, որ կրնան մշակել վերը նշուած «Ճամբու քարտէս»-ը: Տարբեր խօսքով, բուն աշխատանքը, այդ «նորը» կերտելու իմաստով, հիմա է, որ կը սկսի:
Պատասխանատուութեան եւ ոչ թէ շատախօսութեան պահն է հիմա:
4 Օգոստոս 2016
Լոս Անճելըս
Dear Vatche Prudian,
Thank you for your brave article above mentioned.
Finally it’s time to “put to the finger on the woond; the main issue = corruption” in our present political situation in Armenia.
You had the courrage to pin-point the present complex political situation and come up with solutions which would be hard for digetion by the present presidentional “oligarcie”. Nice to hear voices like yours who can analyse the given political sitution and state bravely your opinion addressed to various levels of our society, irrespective of their social “highrarche”.
Please keep sending your clear opinions and let us read more from you.
Garo Bardizbanian